Добавить в корзинуПозвонить
Найти в Дзене
Армен Эльчиян

Հրեշտակի մը Թեւերը

Աս քաղաքը հսկայական է: Անիկա սահման չունի եւ իր վիթխարակերտութեամբ ու չափերով կը զարմացնէ անգամ վառ երեւակայութիւն ունեցող եւ աշխարհը տեսած զբօսաշրջիկները։ Աս քաղաքը դաժան է եւ անողոք։ Անիկա կարեկցութիւն չունի եւ հեշտութեամբ կը կոտրէ մարդու կամքը, մէկ ակնթարթի մէջ կը խափանէ իր ճակատագիրը եւ կը կործանէ իր կեանքը։ Աս քաղաքը անյագուրդ է։ Արիւնախում գիշերահաւու պէս գիշեր-ցերեկ անիկա կը սնանի իր բնակիչներուն եռանդով՝ զրկելով իրենց դրական տրամադրութենէն, ոյժէն, երազներէն, իղձերէն, յոյսերէն։ Աս քաղաքը Մոսկով կը կոչուի։ Մոսկով կը մեծնայ եւ կը լայննայ աննկարագրելի արագութեամբ։ Ամէն օր երկնքին քսուող նոր բարձրահասակ շէնքեր վեր կը խոյանան, նոր թաղեր ու խճուղիներ կը բացուին եւ կը լեցուին փութկոտ քաղաքացիներով եւ աղմկոտ ինքնաշարժերով. հազարաւոր ճճիներու նման գետնին տակ կ՚երթեւեկեն ստորգետնեայ շոգեկառքերը։ Կեանքը կ՚եռայ Մոսկովի երակներուն՝ պողոտաներուն եւ հրապարակներուն մէջ։ Աշխարհի ամէնէն ուժեղ մագնիսին նման Մոսկով կը հրապուրէ, կը հետաքրքրէ եւ կը գրաւէ բազմաթիւ օտարականներու սրտերը, որոնք հեռուէն

Աս քաղաքը հսկայական է: Անիկա սահման չունի եւ իր վիթխարակերտութեամբ ու չափերով կը զարմացնէ անգամ վառ երեւակայութիւն ունեցող եւ աշխարհը տեսած զբօսաշրջիկները։ Աս քաղաքը դաժան է եւ անողոք։ Անիկա կարեկցութիւն չունի եւ հեշտութեամբ կը կոտրէ մարդու կամքը, մէկ ակնթարթի մէջ կը խափանէ իր ճակատագիրը եւ կը կործանէ իր կեանքը։ Աս քաղաքը անյագուրդ է։ Արիւնախում գիշերահաւու պէս գիշեր-ցերեկ անիկա կը սնանի իր բնակիչներուն եռանդով՝ զրկելով իրենց դրական տրամադրութենէն, ոյժէն, երազներէն, իղձերէն, յոյսերէն։ Աս քաղաքը Մոսկով կը կոչուի։

Մոսկով կը մեծնայ եւ կը լայննայ աննկարագրելի արագութեամբ։ Ամէն օր երկնքին քսուող նոր բարձրահասակ շէնքեր վեր կը խոյանան, նոր թաղեր ու խճուղիներ կը բացուին եւ կը լեցուին փութկոտ քաղաքացիներով եւ աղմկոտ ինքնաշարժերով. հազարաւոր ճճիներու նման գետնին տակ կ՚երթեւեկեն ստորգետնեայ շոգեկառքերը։ Կեանքը կ՚եռայ Մոսկովի երակներուն՝ պողոտաներուն եւ հրապարակներուն մէջ։ Աշխարհի ամէնէն ուժեղ մագնիսին նման Մոսկով կը հրապուրէ, կը հետաքրքրէ եւ կը գրաւէ բազմաթիւ օտարականներու սրտերը, որոնք հեռուէն լոյս տեսած գիշերային թիթեռնիկներու պէս աշխարհին չորս դիէն կ՚ուղեւորուին դէպի Ռուսիոյ ոստան՝ յուսալով նոր կեանք սկսիլ հոս։ Այո՛, կը ցանկան նոր կեանք սկսելու, սակայն կրակի մէջ կը յայտնուին, կ՚այրին ու կ՚անհետանան՝ աւելի ու աւելի բորբոքելով քաղաքին ախորժակը։

Մոսկով գեղեցիկ ու եզակի քաղաք մըն է՝ հին եւ նոր ճարտարապետութեամբ, գողտրիկ եւ ճոխ ճաշարաններով ու սրճարաններով, պատմական վայրերով ու տպաւորիչ ուղղափառ եկեղեցիներով։ Սակայն քաղաքը պաղարիւն է, խիստ, դաժան։ Անիկա իր արագընթաց յորձանքին մէջ կը ներքաշէ եւ կը ճնշէ բնակիչները, կը խլէ իրենց եռանդը, կը թոյլցնէ եւ կը թունաւորէ հոգիները։ Մոսկով լոկ կը վերցնէ եւ քաղաքացիներուն բան մը չի տար, բան մը չ՚առաջարկեր ի պատասխան։

Մոսկով կը մեծնայ եւ կը լայննայ աննկարագրելի արագութեամբ. ամէն օր երկնքին քսուող նոր բարձրահասակ շէնքեր վեր կը խոյանան, նոր թաղեր ու խճուղիներ կը բացուին եւ կը լեցուին փութկոտ քաղաքացիներով եւ աղմկոտ ինքնաշարժերով:
Մոսկով կը մեծնայ եւ կը լայննայ աննկարագրելի արագութեամբ. ամէն օր երկնքին քսուող նոր բարձրահասակ շէնքեր վեր կը խոյանան, նոր թաղեր ու խճուղիներ կը բացուին եւ կը լեցուին փութկոտ քաղաքացիներով եւ աղմկոտ ինքնաշարժերով:

Մոսկով թմրանիւթ է, հիւանդութիւն, կախուածութիւն։ Անով կը վարակուիս եւ ամբողջ կեանքդ կը նուիրես անոր։ Ոստանին բնակիչը դառնալուն պէս դուն անսիրտ մարդամեքենայի՝ մեծ մեխանիզմի մը, մեծ համակարգի մը շարժունակի կը վերածուիս… կը դառնաս միլիոնաւոր անգոյն ու յուզազուրկ շարժունակներէն մէկը։ Առտու կանուխէն մինչեւ ուշ գիշեր կ՚աշխատիս, քաղաքին մէկ ծայրէն միւսը կը սլանաս, անընդմէջ կը պայքարիս՝ պաշտպանելով աս քաղաքի բնակիչին կոչումը ունենալու իրաւունքը։ Իսկ քաղաքը քեզ կը շահագործէ, կը ծամէ ակռայ յիշեցնող իր շէնքերուն մէջ, կը մարսէ ու դուրս կը թքնէ՝ անպէտք աղբի պէս։

Հոս ամառը կը տեւէ երկու շաբաթ։ Տարին բոլոր անգունութիւն կը տիրէ, անձրեւ կը հեղայ, ամպամած է եւ պաղ։ Ամիսներով արեւու երես չտեսած, ջուրի, ցուրտի, ջրկացեխի մէջ թաթխուած՝ քաղաքին բնակիչները, տեղ մը շտապելով, ամբոխին կը խառնուին, զիրար եւ ամբողջ աշխարհը ատելով, արմուկներով կը հրեն քովը գտնուող մարդիկ, զիրար կը խորտակեն՝ յառաջ անցնելու համար, աւելի ու աւելի դաժան կը դառնան իրարու հանդէպ՝ հրմշտուքի մէջ քաղաքացիներուն եւ Աստուծոյ վրայ անէծք եւ նզովք թափելով։ Ամէնուրեք անհանդուրժողութիւն, բացասական եռանդ ու կատաղութիւն կը տիրէ։ Իրարու միսը կ՚ուտեն, չարութեամբ կը վերաբերին մէկզմէկու եւ այսպիսով իրենք զիրենք հետզհետէ կը սպաննեն, հոգւոյն դռները հիւանդութեանց առջեւ կը բանան, կը տկարանան եւ կը թոյլնան։

Թող քաղաքացիներուն երեւցող յաջողութիւնը չխաբէ ձեզի։ Հոգւով բորոտ են շատոնց իրենք՝ առաջ բարի եւ երազող, իսկ հիմա անդուլ անհանգիստ վիճակի մէջ, գերյոգնած, ուժասպառ, կամազուրկ, գլխացաւերէն եւ անքնութենէն տառապող հասարակ մահկանացուներ… Ո՜հ, անքնութիւնը… քրոնիկակա՜ն անքնութիւնը… խելագարեցնո՜ղ եւ երբե՜ք չլքող անքնութիւնը… Ատիկա, Աստուա՜ծ վկայ, ամենամեծ փորձանքն է, ամենադաժան պատիժն է, քաղաքի մթնոլորտին պատճառած ամէնէն անտանելի երեւոյթն է...

Յաճախ կը փախչիմ Մոսկովէն։ Մէկ-մէկ քանի մը շաբաթով։ Երբեմն, աս պարագային պէս, ընդամէնը մէկ օրով։ Աս փախուստը ինծի անհրաժեշտ է։ Ատիկա իմ փրկութիւնս է։ Մոսկովէն դուրս ես կը լիցքաւորուիմ, ոյժերս կը վերականգնեմ, որպէսզի ոստան վերադառնալուն պէս շարունակեմ պայքարիլ եւ կարենամ քաղաքին մթնոլորտը դիմակայել, որպէսզի չյուսալքուիմ եւ երբեք անձնատուր չըլլամ։ Ես յաճախ կը լքեմ Մոսկովը, որպէսզի որքան տեղ կայ թոքերուս մէջ շնչեմ մաքուր օդը, որպէսզի կանգ առնեմ, թէկուզեւ քանի մը վայրկեանով, եւ մտածեմ իմ մասիս, կեանքիս ու յաւիտենական նիւթերու շուրջ։ Յաճախ կը ձգեմ քաղաքը, որպէսզի յաղթեմ անտանելի ու երբեք չլքող անքնութեան, որպէսզի քիչ մը հանգչիմ եւ քնանամ, մանկան մը պէս, եւ Աստուած տայ անգամ երազներ տեսնեմ։ Յաճախ կը թողում Մոսկովը, փախստականի մը պէս, բայց ամէն անգամ կը վախնամ, որ Մոսկով ինծի կը հետեւի, զիս պիտի չձգէ, թոյլ պիտի չտայ ձերբազատիլ իր ամուր գիրկէն, ու որ ես մէկընդմիշտ պիտի մնամ անոր գերին։

Արդէն օդանաւին մէջն եմ ես, վերջընթեր շարքը։ Ներսը ասեղ նետելու տեղ չկայ։ Օդանաւը լեցուած է ինծի պէս յոգնած մարդոցմով։ Գօտինիս ամրացուցած ենք, յայտարարութիւնները հնչած են։ Մենք պատրաստ ենք թռիչքին։ Վայրկեան անց օդանաւը տեղէն կը շարժի եւ կամացուկ մը, հեզասահ կը սողայ երկայն վազուղիին վրայ։ Շարժիչները կ՚ոռնան՝ ողջ թափքին մէջ տարածելով անհանդուրժելի աղմուկ։ Ականջնիս աղմուկէն եւ ճնշումէն կը խլանան, օդանաւին թափքը կը ճռնչայ եւ կը թրթռայ։ Մետաղեայ թռչունը արագութիւն կը զարգացնէ եւ ուր որ է՝ մենք պիտի պոկուինք հողէն։ Հզօր ոյժ մը զիս կը սեղմէ նստարանիս մէջ եւ ամբողջ օդանաւը կը փորձէ բարձրացնել։ Նոյն պահուն մէկ այլ ոյժ, նոյնպէս հզօր, կը բռնէ եւ կը պահէ մեզ հողին վրայ։ Կարծես թէ քաղաքը զգացած է ու չ՚ուզեր ձգել փախստականները։ Մէջէս վախ կ՚անցնի, սիրտս կը սրսփայ։ Ակռաներս կը կճրտեմ ու կը սկսիմ հաշուելու ուժգին բաբախող զարկերակս։

Այն պահուն, երբ քաղաքը կարծես յաղթած է, մենք կը բարձրանանք օդ ու յետիս կը ձգենք Ռուսիոյ անսիրտ ոստանը։ Պատուհանէն դուրս կը նայիմ։ Օդանաւէն անդին, հեռու-հեռուն քաղաքը կը նմանի վառ լուսոյ հազարաւոր կէտերով մրջնանոցի մը եւ երթալով այդ մրջնանոցը կը հեռանայ ու կը փոքրանայ։ Նաւամատուցողուհիները կը բացատրեն անվտանգութեան կանոնները։ Շարժիչներուն ոռնոցը կը մեղմանայ։ Լոյսերը ամբողջովին կը մարին։

Ես կը միամտեմ եւ ծանր շունչ մը կը քաշեմ։ «Արդեօք ազա՞տ ենք, արդեօք կրցա՞նք փախչիլ», - ինքզինքիս կը հարցնեմ՝ չհաւատալով բախտիս։ Թեթեւութեան կոհակը կ՚անցնի ամբողջ մարմնովս եւ աւելի ուժասպառ կ՚ընէ զիս։ Թեթեւութիւնը շուտով կը փոխարկուի դատարկութեամբ։ Ես կը ջլատուիմ։ Կոպերս կը ծանրանան, աչքերս կամաց-կամաց կը գոցուին։ Քաղաքին բացակայութեան շնորհիւ կը զիջի նաեւ զիս տարիներ շարունակ տանջող անքնութիւնը ու ես մէկէն քունի կ’անցնիմ։

❃ ❃ ❃

Մինչ ես կը նիրհէի օդանաւին մէջ ու աւելի ու աւելի կը հեռանայի անսիրտ Մոսկովէն, եւս մէկ էակ կը փախչէր իրեն հարազատ աշխարհէն: Տիեզերքին միւս ծայրը՝ ուրիշ մոլորակի մը վրայ, չնաշխարհիկ վայր մը կայ. հոն կ՚ապրին թեւաւոր էակներ, զորս մենք հրեշտակ կը կոչենք։ Իրենց բարութիւնն ու դիւրահաւատութիւնը չափ ու սահման չունի: Հոգւով՝ ազնիւ, հաւատարիմ ու անեղծ, միամիտ եւ անփորձ են միեւնոյն ատեն։ Հրեշտակին անհոգ կեանքը զառիվեր ու զառիվայր չունի. իրենց մոլորակին վրայ չարիքն անգոյ է, կեցութիւնը միապաղաղ՝ առանց բացասական յոյզերու եւ հոգերու, շրջապատին մէջ գէթ երկնային էակներ են։

Այդ իսկ միշտ դրական ու ձանձրալի կեանքէն կը փախչէր մեր հրեշտակը։ Արդէն երկար ժամանակ ինք կը ծրագրէր իր փախուստը դէպի Երկիր մոլորակը։ Հրեշտակը չէր ցանկար տարիներ շարունակ սաւառնելու հարազատ մշտադալար վայրերուն վրայէն։ Ինք կ’երազէր տեսնել տիեզերքը, գոնէ պահ մը ապրիլ անապահովութեան ու անորոշութեան վիճակի մէջ, ինքնուրոյն ծրագրել իր ամէն մէկ քայլն ու որոշումը։ Կը բաղձար, որ ամէն օր սաստիկ տարբերի նախորդ օրէն։ Հրեշտակին արկածախնդրական հոգին կը փափաքէր ծանօթանալու հասարակ մահկանացուներու հետ, հասկնալու իրենց զգացումները՝ կիրքերը, իղձերը, սէրը, ապրելու մարդոց տխրութեան եւ ուրախութեան պահերը։

Այն գիշեր, հագնելով մարդկային զգեստը, սարի մը ուսին կենալով, ետ նայելով ու վերջին անգամ հրաժեշտ տալով հարազատ վայրերուն, հրեշտակը թեւերով քանի մը շարժում ըրաւ եւ դանդաղ հողէն պոկուեցաւ։ Ոչ ոք տեսաւ զինք։ Լոկ երփներանգ գիշերային երկինքի մակերեւոյթին վրայ ճերմակ գիծ մը երեւցաւ ու քանի մը վայրկեան ետք անհետացաւ։ Հրեշտակներու աշխարհը մնաց ետեւը, մարդոց աշխարհն ալ կը սպասէր բարի էակի պտոյտի աւարտին։

Երկիր մոլորակը գերազանցեց հրեշտակին բոլոր ամենահամարձակ սպասելիքները։ Մարդոց խայտաբղէտ բազմութիւնը, ստեղծագործական երեւակայութեան թռիչքը, ինքնարտայայտման հնարաւորութիւնները հարբեցուցին անփորձ էակը։ Ի՜նչ գոյներ, ի՜նչ հնչիւններ, ի՜նչ յոյզեր։ Ինք մէկէն ընկղմեցաւ մոլորակի մթնոլորտին մէջ եւ սա ազատութիւնը գլխահան ըրաւ զինք։ Մոլորած երեխայի մը պէս ինք ժամերով կը կորսուէր ամբոխին մէջ եւ ինքզինք կը զգար աս մոլորակին բնակիչներէն մէկը։ Հոգին հանդարտ էր, չէր տագնապէր, չէր երկնչէր ու կը սպասէր նոր անակնկալներ։ Ինքզինքին վրայ նաեւ կը զարմանար, թէ ինչու աւելի շուտ չազատուեցաւ միապաղաղ կեանքէն ու հոս չեկաւ։

Հրեշտակը զրոյցի կը բռնուէր անծանօթ մարդոց հետ, կը ժպտէր ու ժպտուն դէմքեր կը տեսնէր ի պատասխան։ Արփիին շառաւիղները կը խճճուէին էակի ոսկեգոյն գէսին։ Գլուխը կը պտտէր: Հրեշտակը ամբողջովին կը յանձուէր իր երջանկութեան զգացումին. ուշադրութիւնը կը բթանար։ Ինք մոռցաւ տունի, երկնքի ու իր առաքելութեան մասին, կորսնցուց սովորական կեանքի փարոսին լոյսը։

Օրուան աւարտին չափազանց յոգնած ու թոյլցած հրեշտակը մտաւ անձուկ փողոց մը եւ միւս կողմը նստարանին վրայ տեսաւ թխահեր տղայ մը։ Կռնակը կորացած, քիթը կախած՝ բարձրահասակ պատանին լուռումունջ ու անշարժ կը մնար նոյն դիրքով։ Աչքերը կը թաքչէին մեծ սեւ ակնոցի մը ետեւը, ափերը ծալած էին իրարու։ Տղան չէր շարժեր, ոչ ոքի ուշադրութիւն կը դարձնէր։ Երբեմն հեռաձայնը ձեռքը կ’առնէր, բան մը կը տպէր ու ետ կը դնէր։ Լարուած էր, վհատած եւ շփոթած։ Կարծես կ՚աւաղէր ողբալի իրադարձութեան մը համար։ Սակայն ձայն չէր հաներ եւ իր զգացումներուն ամբողջ հրաբուխը իր մէջ կը պահէր։

- Ողջո՜յն անծանօթ տղայ, դուն լա՞ւ ես, - հետաքրքրուեցաւ հրեշտակը։

Տղան լուռ նայեցաւ հրեշտակին եւ նոյնպէս լուռ իջեցուց գլուխը։ Անյարմար լռութիւն տիրեց։

- Ես կրնա՞մ օգնել քեզի։ Ի՞նչ պատահած է։

Տղան նորէն բարձրացուց հայեացքը եւ կցկտուր պատասխանեց.

- Դո՞ւն։ Ինծի օգնե՞ս։ Ինծի ոչ ոք կրնայ օգնել։ Ես անբախտ եմ։ Կորսուա՜ծ մարդ եմ։

Զգալով երիտասարդին անտանելի ցաւը՝ հրեշտակը մեղքցաւ խեղճ մարդը եւ իր կողքին նստաւ՝ ափը դնելով տղուն ուսին։

- Չկա՛յ նման բան։ Ինծի՛ վստահէ եւ ամէ՛ն ինչ պատմէ։

Տղուն նայուածքը երկար ժամանակ անորոշ կէտի մը յառած էր, ատկէ ետք ինք հոգոց մը հանեց ու պատմեց եղելութիւնը։ Պատանիին կենսագրութիւնը, իրաւամբ, անտանելի դժբախտութիւններով լի պատմութիւն մըն էր։ Անելանելի՛ անձկութիւն եւ հոգին ճնշո՛ղ աղքատութիւն, լո՛ւրջ առողջական խնդիրներ, ամենամօտ մարդը՝ հայրիկը՝ բանտ մտած էր կեղծ մեղադրանքով։ Ամբողջ ընտանիքը՝ տղուն վիզին, իսկ ինք ո՛չ աշխատանք ունի, ո՛չ ալ դրամ ձեռք բերելու հնարաւորութիւն։ Մինչ տղան կը պատմէր, հրեշտակը կը զարմանար, թէ ինչու եւ ինչպէս մէկ մարդու վրայ Աստուած կը բարդէր այդքան շատ խնդիրներ։ Տղուն պատմած խնդիրներուն յաջորդականութիւնը կը շարունակուէր. երիտասարդի ընտանիքին հասած խոշտանգումներուն եւ փորձանքներուն վերջ չկար։ Կեանքին դաժան յորձանքը ներքաշած էր խեղճ երիտասարդը եւ երթալով դէպի յատակը կը տանէր զինք։

- Ամէնէն անտանելին գիտե՞ս ինչ է, - դժգոհեցաւ երիտասարդը։ - Հարազատներուս անտարբերութիւնն ու նախանձը։ Աս ծանր վիճակին մէջ կը գտնուիմ եւ կ՚արժանանամ իրենց նախանձին։

- Նախա՞նձ, - զարմացաւ հրեշտակը։

- Այո՛, - խոստովանեցաւ տղան հպարտությամբ։ - Ինձմէ միշտ կը նախանձէին: Յատկապէս երբ ամուսնացայ: Կինս գեղեցկուհի է եւ ուսեալ ու տաղանդաւոր անձնաւորութիւն մը։ Թանգարանը կ՚աշխատի եւ շատ-շատ բաներ գիտէ։

- Իսկ ես եւս մէկ երազանք ունիմ, - ինքզինք ընդհատեց տղան ու մէկէն խպնեցաւ ու կարմրեցաւ։ - Աղջիկ երեխայ կ՚ուզեմ։ Մանկութեան տարիներէս կ՚երազէի աղջնակի մը մասին։ Անգամ որոշած եմ՝ ինչ պիտի անուանեմ զինք։ Իռէ՜ն։

Հրեշտակը ափերով բռնեց տղուն ուսերը, աչքերուն ուղիղ նայեցաւ եւ ամոքելով ըսաւ.

- Ես չեմ կրնար ճակատագիրդ փոխել, սակայն կը զգամ, որ դուն դժուարութիւններդ պիտի յաղթահարես։ Ես հազուադէպ կը սխալիմ։ Չյուսալքուի՜ս։

Ատոր վրայ տղան սոսկ գլուխով համաձայնութեան լուռ շարժում մը ըրաւ։ Փողոցէն երեխայ մը վազեց՝ ճչալով եւ ետեւէն քաշելով թուղթէ օդապարիկ մը, որ կը վէտվէտէր, կը սաւառնէր անշարժ օդին մէջ։ Հրեշտակը ու պատանին իրենց մանկութիւնը յիշեցին: Տարբեր մոլորակներու վրայ, տարբեր դէպքերով եւ տեսարաններով, բայց նոյն բարի յոյզերով եւ տպաւորութիւններով լեցուած։ Յիշեցին անհոգ հեռու տարիները եւ առանց բառ մը ըսելու հասկցան զիրար։ Աս յիշութիւնները եւ հրեշտակին խօսքերը դպան տղուն հոգւոյն ճիշդ թելերուն։ Լարուածութիւնը մէկէն յօդս ցնդեցաւ։

Երեկոյեան դէմ տղան, իր կինն ու հրեշտակը կ՚ընթրէին բացօթեայ սրճարաններէն մէկուն մէջ։ Բարի, ընկերական տրամադրութիւն կը տիրէր առաջին անգամ քանի մը տարուան մէջ: Պատանին չէր մտահոգուեր անթիւ խնդիրներու մասին եւ անկաշկանդ կը շփուէր ու հաճոյք կ՚առնէր երեկոյէն։ Կինն ալ ուրախութեամբ կը զարմանար, թէ ինչպէս բոլորովին անծանօթ մարդ մը յաջողեցաւ մէկ ակնթարթի մէջ ոյժ եւ յառաջիկայ օրուան վերաբերեալ յոյս ներշնչել իր ամուսնոյն։ Տղուն աչքերը կայծով էին, շունչն ու ձայնը՝ ինքնավստահ, անգամ արթնցաւ երգիծանքի զգացումը եւ երեքով բազմաթիւ կատակներ ըրին ու սրտանց խնդացին։

Քիչ անց, երեքին միացան տղուն հարազատները եւ մթնոլորտը փոխուեցաւ։ Օդին մէջ նախանձ ու լարուածութիւն կը բուրէր։ Ներկաները զիրար խստիւ կը զննէին ու իրարու հետ կիսաբերան կը խօսէին։ Տղան կը խուսափէր զրոյցին մասնակցելէ ու հայեացքը գետնին յառած քիթին տակէն կը շշնջար՝ հազիւ շարժելով իր շուրթերը։

- Նայի՛ր, կը տեսնե՞ս այն մուրացկանը, - հարազատներէն մէկը ըսաւ միւսին՝ մատն ուղղելով դէպի փողոցը քալող աղքատ տնեզուրկ մարդ մը։ - Յիշէ՛ իմ խօսքերս՝ կէս տարուան մէջ աներձագս ալ պիտի մուրայ աս անտուն մարդուն պէս։ Իրմէ խէր չ’ելլեր։

Հրեշտակը հայեացքը նետեց դէպի իր նոր ընկերը, ինք ալ աչքերը փակեց եւ ինքզինք զսպելով կլլեց վիրաւորանքը։ Հարազատները խօսքերով կը սպաննէին ազնօր տղան ու ատկէ հաճոյք կ՚առնէին։ Ի՜նչ դաժանութիւն, ի՜նչ փոքրոգութիւն։ Քանի մը վայրկեանով ամպերէն դուրս եկած եւ նորէն պահուըտած արեւու պէս տղան դարձեալ խորասուզուեցաւ անսահման յուսահատութեան զգացումներուն մէջ։ Ակնյայտ էր՝ տղան մեծ կարիք ունէր իր մտերիմներուն հաւանութեան եւ աջակցութեան, յարգանքին եւ վստահութեան խօսքերը լսելու։ Կարիք ունէր եւ կը տուայտէր սպասուած վերաբերմունքը չստանալու պատճառաւ։

Ընթրիքի աւարտին կինը հրեշտակին կողմը դարձաւ ու ականջին ցած ձայնով փսփսաց.

- Տարօրինակ բան մըն է: Մենք քանի մը ժամ է կը շփուինք, բայց ես տակաւին անունդ չեմ գիտեր։

- Անունս Հրեշտակ է։

- Հրեշտա՞կ, - զարմացաւ կինը։ - Իրա՞ւ կ’ըսես։

- Այո՛։ Մեր ընտանիքին մէջ բոլորս հրեշտակ ենք, - ժպտեցաւ հրեշտակը՝ կնոջ երեսին ալ շռայլ ժպիտ մը յառաջացնելով….

❃ ❃ ❃

Ես ուշքի եկայ ահաւոր աղմուկէ եւ թրթռոցէ։ Օդանաւին անիւները քսուեցան հարթակին եւ մենք վայրէջք կատարեցինք «Զուարթնոց» օդակայանը։ Բուռն ծափահարութիւնները ազդարարեցին չուերթին աւարտը։ Ուղեւորները, խախտելով բոլոր կանոնները, արագ որքի կեցան ու վերի պահարաններէն սկսան հանելու իրենց իրերը։ Ես տակաւին քնաթաթախ՝ ի վիճակի չէի շարժելու. մկաններս դեռ անզգայացած էին ու մտադրուած չէին արթննալու: Մարդիկ կը շարունակէին վխտալ: Անոնք հերթը կտրելով ու իրարու հետ վիճելով շարուեցան երկու գիծով նեղ միջանցքներու մէջ։

Քունիս մէջ անցուցի ամբողջ թռիչքը եւ հիմա անշարժ կը մնայի տեղս եւ առանց որեւէ պատճառի ողջ բերնովս կը ժպտէի։ Տեսած երազս աննկարագրելի արագութեամբ կը ջնջուէր յիշողութենէս՝ հոգւոյս մէջ ձգելով անոյշ ու բարի տպաւորութիւններ։

Քանի մը ժամ անց ես արդէն կը քալէի Հայաստանի ոստանին փողոցներէն։

Ո՜հ, Երեւան… Դուն ուրիշ ես։ Պա՜րզ, հասարա՜կ, գողտրի՜կ։

Ամբողջ Երեւանը կարելի է ոտքի տակ տալ քանի մը ժամուան մէջ։ Ռուսիոյ անտարբեր, խիստ եւ անսիրտ մայրաքաղաքին համեմատ Երեւան յուզական երեխայ է՝ քմահաճ, լալկան, միեւնոյն ատեն՝ բարի եւ ժպտերես։ Ինչպէս բոլոր մանուկները, անիկա եւս չի գիտեր կարգ ու կանոն եւ կ’ապրի մէկ վայրկեանով, զգացումներով, կարծես թէ կ’ապրի իր կեանքին վերջին օրը:

Երեւան հին քաղաք մըն է՝ մաշած, խղճուկ տեսքով, քաոսային ձեւով շարուած հին ու նորակառոյց տուներով ու մերթ ընդ մերթ հանդիպող քով-քովի կեցած հնագոյն մատուռներով, կիսաքանդ հին առանձնատուներով եւ խորհրդային ժամանակներուն կառուցուած շէնքերով։

Երեւանի համն ու հմայքը միասնական ճարտարապետութեան բացակայութեան, ստեղծագործական խառնիճաղանճութեան, կանոններու եւ օրէնքներու անզօրութեան մէջ է։ Մէկէն աչքիս կը զարնէ այն երեւոյթը, որ Երեւանի իւրաքանչիւր բնակիչ ունի իր օրէնքները, ամէն ինչի մասին իր կարծիքը եւ այդ կարծիքը միշտ առաջնային է՝ անկախ իրական գործող օրէնքներէն։ Երեւանի մէջ իւրաքանչիւր մարդ շինարար է՝ տունը կը լայնցնէ իր ուզած ձեւով՝ շէնքին վրայ յարկեր, պատշգամներ եւ սենեակներ կառուցելով եւ խախտելով բոլոր ճարտարապետական կանոնները։

Արեգնաւէտ քաղաք մըն է Երեւան։ Ամէնուրեք արեւ է՝ երկնքին վրայ, քաղաքացիներու աչքերուն ու սրտերուն մէջ։

Կրքոտ քաղաք մըն է Երեւան։ Հոս յոյզերը միշտ կը յաղթեն ուղեղին։ Մարդիկ կը վիճին, կը հաշտուին, նորէն կը վիճին, դարձեալ կը հաշտուին, կը սիրահարին, սիրոյն կը դաւաճանեն, վերստին կը սիրահարին եւ այդ ամէնը՝ ընդամէնը մէկ օրուան մէջ։ Փողոցը ձեռքերու մեծ շարժումներով եւ բարձրաձայն դրացիները կը լուծեն իրենց հարցերը եւ այդ վէճէն հաճոյք կ՚առնեն բոլորը՝ անգամ պարտուող կողմը։ Երեւան բոլորը, նոյնիսկ զսպուած եւ բարդութաւորուած տղամարդիկ, ի ցոյց բոլորին կը դպչին զիրար, կը համբուրուին, կը գրկախառնուին՝ բարեւելու կամ հրաժեշտ տալու ատեն։

Հանդիպումներու քաղաք մըն է Երեւան։ Հոս առտուն կանուխ տունէդ կ՚ելլես եւ մինչեւ ուշ գիշեր կը զբօսնուս, կը հանդիպիս հարազատներուդ եւ ընկերներուդ։ Հաւանաբար, նուազագոյնը օրը տասը հանդիպում կ’ունենաս։

Հոս ոչ թէ գոյութիւնդ քարշ կու տաս, այլ կ՚ապրիս, հոգւովդ եւ սրտովդ։ Նոյնիսկ եթէ ծանր վիճակի մէջ ես, նոյնիսկ եթէ դրամ կամ աշխատանք չունիս, աս գունագեղ քաղաքին մէջ կ՚ուզես շարունակել ապրիլ։ Կը լիցքաւորուիս եռանդով եւ շռայլօրէն ուրիշներ կը լիցքաւորես։ Քաղաքը կ՚ընծայէ յոյս, հոգւոյդ՝ հանգստութիւն եւ հաւասարակշռութիւն։ Հոս դադար կ՚առնես։

Ես փախած էի Մոսկովէն եւ արդէն քանի մը ժամ անսահման եռանդով Երեւանի մէջ կը յածէի։ Օդակայանէն հոս հասայ եւ թեթեւ կեանքի ծարաւս կը կոտրէի՝ վայելելով զիս շրջապատող ձայները, բարի մթնոլորտը, անվերջ իրարանցումը, անոյշ յոյզերը։ Երբեմն կը մտնէի նպարավաճառի խանութ, անուշեղէն կը գնէի եւ փողոցը, առանց քաշուելու, ագահաբար զայն կ՚ըմբոշխնէի։ Պաղ ու վճիտ ջուր կը խմէի ցայտաղբիւրներէն եւ խնդալով կը զննէի քովէս անցնող եւ աչք ծակող շորեր հագած կիները, որոնք յօնքերը հանած եւ ատոնց փոխարէն դաջուածք խփած էին։

Քանի՜, քանի՜ ամիսներ կ՚երազէի այս պահուն մասին։ Հարբեցնո՜ղ անկախութիւն, անսահմա՜ն գոհացում, մտքիս անկաշկա՜նդ թռիչք։ Ես պատրաստ էի օրեր ու ամիսներ անցընել՝ դեգերելով այս փողոցներուն մէջ։

- Արմէ՛ն ջան, հոս ի՞նչ կ՚ընես կոր, - ետեւէս լսեցի շատ ծանօթ ձայն մը։

- Կարէ՛ն, բարե՛ւ հարազատս, - շրջեցայ ես ու շէնշող տրամադրութեան մէջ փաթթեցի վաղեմի ընկերս։

Մոսկովի բնակիչին համար անհասկնալի է, թէ ինչպէս, առանց ծրագրելու եւ ժամադրուելու, դուն կրնաս փողոցը հանդիպիլ հարազատ մարդոց. քրոջդ, բարեկամիդ, նախկին գործընկերոջդ: Երեւանցիին համար ատիկա բնական է: Երեւան եղբայրական սիրոյ քաղաք է: Անիկա եզակի քաղաքներէն մէկն է, ուր հարազատները կը հանդիպին յանպատրաստից, պատահաբար՝ փողոցի մէջ, կը գրկախառնուին, կատակ կ’ընեն, կը հռհռան եւ միասին կ’անցընեն ամբողջ օրը:

- Ինչո՞ւ ինծի չըսիր, որ պիտի գաս, սինլքո՛ր, - կատակով հարցուց Կարէն:

- Ես չէի ծրագրած: Երէկ որոշեցի փախչիլ Մոսկովէն, տոմսերս առցանց գնեցի եւ առտուն կանուխ արդէն Երեւան էի: Ա՛լ չէի դիմանար Մոսկովի վազվզուքին:

Կարէն շռայլօրէն ժպտեցաւ եւ նորէն սեղմեց ձեռքս։

- Եկո՛ւր հետս իմ թատրոնս, - ինք ըսաւ՝ աչքերուն մէջ չթաքցնելով ուրախութեան ցոլքը։ - Նոր ներկայացումիս վրայ կ’աշխատիմ: Զայն ինքս կը բեմադրեմ: Կարծիքդ պիտի ըսես։

Կարէն անկրկնելի եւ եզակի մարդ մըն է, համախոհս է: Մենք հանդիպեցանք Երեւան ճիշդ երեք տարի առաջ՝ մեր ընդհանուր ընկերներուն խնդրանքով: Այն, ինչ պէտք է ըլլար տասը վայրկեանի հանդիպում մը, վերածուեցաւ երկար եւ սերտ բարեկամութեան: Երբեք պիտի չմոռնամ՝ որքան արագ ընդհամուր լեզու գտանք եւ Երեւանի փողոցները թափառելով կ’ոգէինք, կ’ասմունքէինք մեր սիրած ռուս եւ հայ բանաստեղծներուն գործերը: Կարէն բազմակողմանի տաղանդի տէր անձնաւորութիւն մըն է՝ դերասան, ներառեալ մնջախաղի եւ տիկնիկային, բեմադրիչ, արուեստագէտ, գրականագէտ եւ նկարիչ: Գեղեցիկ մարդ մըն է՝ թէ՛ հոգւով, թէ՛ արտաքինով: Օժտուած է վառ եզակի տաղանդով, բայց նաեւ անչափ համեստ ու զսպուած բնաւորութեամբ: Ինք երբեք գործերուդ մէջ չի միջամտեր, սակայն գիտէ եւ կը զգայ, երբ պէտք է ձեռք մեկնէ քեզի։ Հոգւով խոցելի է, բայց իմաստուն եւ փորձառու: Քանի՜ անգամ գիտնալով իմ միամիտ եւ յուզական բնաւորութիւնս ինք զիս կը խրատէր. «Արմէ՛ն ջան, հանէ՛ վարդագոյն ակնոցդ։ Դուն չափազանց բարի ես, մաքուր: Կը մտածես, թէ ուրիշներ ալ այդպիսին են: Մէկու մը անմնացորդ մի՛ նուիրուիր։ Չեմ ուզեր, որ դուն հիասթափիս եւ տառապիս»։ Աւագ եղբայր մըն է ինծի համար։ Այնպիսի եղբայր մը, որու մասին ես միշտ կ՚երազէի եւ որու ներկայութիւնը զիս ամէն օր կը հանգստացնէ եւ կը զօրացնէ:

Շուտով մենք մտանք թատերական արուեստանոց: Ամէնուրեք ստեղծագործական իրարանցում կը տիրէր: Կարծես փոթորիկ մը սլացաւ, անցաւ հոսկէ: Իրերը թափած էին գետնին ու սեղանին վրայ, կախուած էին պատերէն: Բամպակ, չուան, մկրատ, տարբեր գոյներով թուղթէ, փայտէ եւ լաթէ կտորներ, խարաբուզ, վրձին, անձեռոց… Սեղանին վրայ շարուած էին քանի մը կաղամար տարբեր գոյնի մելանով եւ սադափի գնդիկներ: Հոս բեմանկար եւ տիկնիկներ կը ծնէին եւ աս թափթփածութիւնը բնական կը թուէր: Անկիւններէն մէկը մեծ աթոռի մը վրայ քով-քովի շարուած էին Կարէնի ներկայացումին նորածին տիկնիկներէն մի քանին. գայլ, նապաստակ, ոզնի, աղուէս եւ արջուկ:

Կարէնի ներկայացումին նորածին տիկնիկները:
Կարէնի ներկայացումին նորածին տիկնիկները:

Կարէն ոստում մը ըրաւ, ձեռքը առաւ տիկնիկներէն մէկը եւ յանպատրաստից սկսաւ խաղալու ամբողջ ներկայացումը՝ բոլոր դերերը: Ես կը նայէի Կարէնին ու կը հիանայի իրմով: Ընկերս արեւու պէս կը փայլէր եւ իրմով կը պայծառացնէր մութ արուեստանոցը: Ինք կ’ապրէր անով, զոր կ’ընէր: Իսկ իր մատերը... Ի՜նչ գեղեցիկ մատեր ունէր Կարէն։ Մնջախաղի ատեն լոկ հինգ մատով այնպիսի հանճարեղ կերպարներ կը ստեղծէր, որ հանդիսատեսը մէկէն կը կռահէր իւրաքանչիւր կերպարի շարժումներէն իր տրամադրութիւնն ու զգացումները։

Ներկայացումը կը շարունակուէր: Աչքիս առջեւ ընկերոջս մոգական խաղին շնորհիւ տիկնիկները ոգի կ'առնէին եւ յոյզերով, վախերով եւ խորամանկ վարմունքներով լի իրենց կեանքը կ՚ապրէին։ Բարդութաւորուած եւ բնաւորութեան բազմաթիւ թերութիւններէ տառապող մարդոց պէս կենդանիները իրարու կ'օգնէին, կը խաբէին, կը փրկէին, կը դաւաճանէին եւ, ի վերջոյ, հանդիսատեսին կեանքի կարեւոր սկզբունք մը կը դասաւանդէին՝ իսկական եւ կեղծ ընկերութեանց միջեւ տարբերութեան մասին: «Հիմա դուն գիտես, ոզնի՛, ով է իսկական ընկերդ... - հնչեց ներկայացումին բարոյախօսութիւնը՝ բոլորին կողմէ շահագործուած գլխաւոր անձին ուղղուած: - Ոչ թէ ան, ով ինքզինք ընկերդ կը համարէ, այլ ան, ով քեզ փորձանքի մէջ չի ձգեր»:

- Ե՞ւ, ի՞նչ կ’ըսես: Պզտիկները կը հաւնի՞ն ասիկա, - Կարէն հարցուց՝ վերջացնելով ներկայացումը եւ ափով սանտրելով քրտնած մազերը:

- Հարկա՜ւ պիտի հաւնին: Հրաշալի ներկայացում մըն է, - ըսի ես եւ մէկէն խորամանկութեամբ աւելցուցի։ - Ինծի թոյլ կու տա՞ս լուսանկարուիլ աղուէսիդ հետ:

Ես ձեռքս առի սրճագոյն աղուէսին տիկնիկը եւ լուսանկարուեցայ:
Ես ձեռքս առի սրճագոյն աղուէսին տիկնիկը եւ լուսանկարուեցայ:

Գիտնալով աղուէսներու հանդէպ իմ սիրոյս մասին, Կարէն խնդաց եւ գլուխով դրական շարժում մը ըրաւ: Ես ձեռքս առի սրճագոյն աղուէսին տիկնիկը եւ լուսանկարուեցայ:

- Գաւաթ մը սուրճ կ’ախորժի՞ս, եղբա՛յրս, - հարցուց տաղանդաւոր ընկերս:

- Հա՜, սիրո՛վ: Քաֆէ խմելու ժամն է, - սրամիտ եզրակացուցի ես:

- Հիմա կը բերեմ, - ըսաւ ընկերս ու սենեակէն դուրս եկաւ:

Արուեստանոցին մէջ երկայն խլացնող լռութիւն մը տիրեց: Օդը ամենեւին չէր շարժեր, կենդանի շունչ մը չկար։ Սոսկ մեծ ժամացոյցին տկտկոցը կը յիշեցնէր, որ ժամանակը կ՚անցնէր: Այս սենեակի մոգական մթնոլորտին մէջ ամէն օր հրաշքներ կը ծնէին։ Նոր կերպարներ, նոր ներկայացումներ, նոր գաղափարներ։ Անկիւնէն ինծի կը նայէին նորածին տիկնիկները եւ կը թուէր, թէ ուր որ է անոնք ոտքի պիտի կենան ու նորէն սկսին իրենց դերերը խաղալու։ Ժամացոյցը կը շարունակէր խախտել լռութիւնը եւ հետզհետէ կը քնացնէր զիս: Տօթ էր։ Աչքիս ամէն ինչ պտոյտ կու գար։ Ակամայ ես նորէն անջատուեցայ։

❃ ❃ ❃

Դէպքերու եւ հանդիպումներու արագ յաջորդափոխութեան մէջ հրեշտակը դադրեցաւ հետեւելէ ժամերու եւ ամսաթիւերու։ Ամիսներ անցան, գացին։ Հրեշտակը ընկերացաւ տղուն եւ կնոջ հետ, դարձաւ իրենց ընտանիքին կարեւոր, սիրուած եւ յարգուած անդամը։ Մեծերուն համար եղբայր, համախոհ եւ բոլոր հարցերուն մէջ՝ խորհրդատու։ Ութը տարեկան զաւկին համար՝ պզտիկի չարաճճիութիւններուն անփոխարինելի մասնակից։ Հրեշտակը ընտանիք գտած էր. այնպիսի ընտանիք, զոր կը փնտռէր եւ որու մասին կ’երազէր երկար ատեն։ Առաջ ինք մինակ էր իրեն նման հազարաւոր հրեշտակներու մէջ, իսկ այժմ տարբեր բնաւորութեան տէր անձնաւորութիւններէ բաղկացած փոքր ընտանիքի մը անդամն էր եւ այդ ընտանիքին մէջ տիրող համերաշխութիւնն ու ներդաշնակութիւնը կը հարբեցնէին ու կ՚երջանկացնէին թեւաւոր էակը։

Օր մը ամբողջ ընտանիքը հաւաքուած էր սեղանին շուրջ, կ՚ընթրէր ու կը փոխանակէր օրուան նորութիւնները: Սնդիկ զաւակը կը վազվզէր տունէն ներս ու ականջ ծակող ձայներ կը հանէր։ Աւագները երեքով նստած էին ծերպերով պատուած հին ու երկար ժամանակ վերանորոգումի կարիք ունեցող տունին մէջ եւ, չնկատելով ակնյայտ աղքատութիւնը, բարձր տրամադրութեան տակ կը ծրագրէին իրենց ապագան, բարձրաձայն կ՚երազէին ու կարծես իրաւ կը հաւատային, որ շուտով աս անիրագործելի երազանքնին կ՚իրականանայ։

- Դուն իսկական հրեշտակ ես, չէ՞, - անսպասելիօրէն հարցուց կինը։

- Անշո՛ւշտ, - պատասխանեց հրեշտակը եւ, կարծես ուրախութենէն հարբած, համարձակութեամբ աւելցուց։ - Կ՚ուզես թեւերս ցուցնեմ քեզի։

Կինը գլուխով համաձայնութեան շարժում մը ըրաւ։ Ամուսինը չհասկնալով առաջարկին բովանդակութիւնը, ապշած կը նայէր մե՛րթ կնոջ, մե՛րթ հրեշտակին։ Ոչ ոք կը շարժէր քանի մը պահ, ատկէ ետք աթոռին ճռռոցով հրեշտակը ոտքի կեցաւ, սենեակին մէջտեղը կայնեցաւ, աչքերը գոցեց, դաստակները իրարու միացուց եւ թոքերուն մէջ օդ հաւաքեց։ Նոյն ակնթարթին քամի մը յառաջացաւ եւ աղմուկով ու շառաչիւնով հրեշտակին ետեւը բացուեցան սպիտակ, ձիւնաթոյր թեւերը։ Ամուսինն ու կինը խրտչեցան եւ շշմած կը շարունակէին նայիլ հրեշտակին՝ տեսածնին չհաւատալով։ Մութ սենեակը մէկէն պայծառացաւ եւ պատուեցաւ թեւերէն հոսող կայծկլտուն լուսոյ կոհաւակոր շղարշով, որ կ՚ալեկոծէր գետի մը ջինջ ջուրի մակերեսին պէս։ Դուրսը ուշ գիշեր էր, իսկ ներսը՝ կարծես միջօրէի հրաշէկ արեւ:

Ամուսինն ու կինը կախարդուած կը նայէին որոշ ժամանակ ու, մօտենալով հրեշտակին, ձեռքերով նրբօրէն շփեցին ծփծփացող թեւերը։ Այդ պահուն տաւիղի հնչիւնները յիշեցնող գեղեցիկ մեղեդի մը հնչեց ու կախուեցաւ օդին մէջ։

- Դուն իսկապէ՜ս հրեշտակ ես… - շշնջաց կինը։ - Դուն անընդհատ կ՚ըսէիր մեզի ատիկա, բայց ես չէի հաւատար։ Ինծի միշտ կը թուէր, թէ կատակ է։

- Ի՜նչ աղուոր են, - թմրութեան վիճակէն դուրս գալով՝ ըսաւ ամուսինը։ - Երանի թէ գոնէ քանի մը վայրկեան կրնայի հագնիլ զանոնք եւ թռչիլ, սաւառնիլ երկինքը։

Կինը քծնելով դարձաւ հրեշտակին.

- Մեզի կու տա՞ս թեւերդ։ Գոնէ քանի մը վայրկեանով։

Հրեշտակը տարակուսանքով նայեցաւ իր թեւերուն, որոնք կը շարունակէին փայլիլ, ծածանիլ եւ շլացնող լոյս արձակել։ Աս թեւերը իր կեանքն էին, իր ամբողջ ունեցածն էին։ Միայն աս թեւերով ինք կրնար վերադառնալ տուն։ Առանց թեւերու ինք չէր կրնար ապրիլ։ Սակայն նոր ընտանիքին խնդրանքը հրեշտակը չկրցաւ մերժել։ Ինք կը վստահէր զոյգին եւ որքա՜ն անոյշ էր իրենց օգնելու եւ ոգեշնչելու հնարաւորութիւնը: Հրեշտակը կը սիրէր այս երկուքը եւ իր կեանքը կու տար իրենց ուրախացնելու եւ վստահութիւն ներշնչելու համար։ Ատկէ զատ, թեւերը կու տար ընդամէնը քանի մը վայրկեանով։ Ի՞նչ վատ բան կրնար պատահիլ աս կարճ ժամանակի ընթացքին։

Հրեշտակը սխալեցաւ...

Ո՛չ քանի մը ժամ ետք, ո՛չ յաջորդ օրը, ո՛չ ալ քանի մը ամիս անց զոյցը վերադարձուց թեւերը։ Իսկ առանց թեւերու հրեշտակն ի՞նչ է։ Ոչի՛նչ։ Միայն անզօր, խոցելի, կորսուած, կեանքին անպատրաստ, վախէն անկիւնը ծուարած էակ մըն է։ Ինք ո՛չ ոյժ ունի, ո՛չ կապ իր հարազատներուն հետ, ո՛չ ալ նեղիչներուն դէմ պայքարելու համար եռանդ։ Տիկնիկ է առանց թելերու, արեւ՝ առանց ճառագայթներու եւ ջերմութեան, երգիչ՝ առանց ձայնի, լեռ` առանց գագաթի։ Ընկճուած ու սմքած վիճակի մէջ, ինք ամէն օր կու գար զոյգին տուն ու դրան առջեւ կը նստէր եւ կը սպասէր, սակայն զոյգէն ոչ մէկ լուր կը ստանար։

Միեւնոյն ատեն ամուսինն ու կինը ի սպառ մոռցած էին հրեշտակը։ Առաջին հեղն էր, երբ կեանքը կը ժպտէր իրենց եւ ձեռքը կու տար հնարաւորութիւն մը բոլոր երազանքներուն հասնելու։ Թեւերն անվերջ վստահութիւն ներշնչեցին եւ անսահման եռանդ տուին տղուն, ով կարճ ժամանակի ընթացքին թէ՛ դրամաբեր աշխատանք գտաւ, թէ՛ առողջական խնդիրները լուծեց, թէ՛ ալ հարազատներուն մէջ յարգանք եւ մեծարանք յառաջացուց։ Պատանիի պայծառ դէմքին գրուած էր համարձակութիւն եւ վճռականութիւն աշխարհի բոլոր դժուարութեանց դէմ մարտնչելու։ Ինք յառաջ կը քալէր եւ իր յաղթանակներով կը զարմացնէր մերձաւորները։ Այն մարդիկ, ովքեր տարիներ շարունակ կը ծիծաղէին զոյգին վրայ, այժմ քծնանքով առիթ կ՚որսային զոյգին հետ մտերմնաալու։

Իրականացաւ նաեւ կնոջ երազանքը՝ ողջ մոլորակը ճամբորդելու եւ նոր տպաւորութիւններ առնելու անթիւ չնաշխարհիկ տեղերէն։ Կը ճամբորդէին ամէն օր բոլորէն գաղտուկ, եւ ամէն օր նորապսակներու պէս կ՚ըմբոշխնէին երջանկութեան ակնթարթները։ Ամուսինն ու կինը սկսան երկրորդ երեխայի մասին մտածելու եւ ապագան ծրագրելու՝ կարծելով, որ թեւերը միշտ իրենց քովը պիտի մնան։

«Մենք այնքան շատ տառապած ենք, սիրելի՛ս, - գոհացման գագաթնակէտին հասնելուն պէս ըսաւ կինը. - մենք վաստակա՜ծ ենք աս թեւերը եւ աս երջանկութիւնը»։

Օր մը հրեշտակը եկաւ զոյգին քով։ Ամուսինները տունն էին: Կինը բացաւ դուռը եւ, շեմին տեսնելով անսպասեալ հիւրը, կանչեց ամուսինը։ Լարուած էին երկուքն ալ։ Ամուսինը սենեակէն ելաւ, տեսաւ հրեշտակը եւ կատղեցաւ.

- Ինչո՞ւ սա բանսարկուն ներս հրաւիրեցիր, - տղան շրջեցաւ դէպի հրեշտակը եւ աւելցուց։ - Ինչո՞ւ համար եկած ես։

- Ինծի թեւերս են անհրաժեշտ։ Կը խնդրեմ, վերադարձուցէ՛ք զանոնք, - պահանջ մը դրաւ երկնային էակը։ - Ես առանց թեւերուս չեմ կրնար ապրիլ։ Գթասի՛րտ եղէք։

Ամուսինը լրիւ անտարբեր հայեացք նետեց դէպի իր հիւրը:

- Առաջին հերթին ես պէտք է ընտանիքիս մասին մտածեմ եւ ընեմ այնպէս, ինչպէս մեզի ձեռնտու է։ Իսկ դուն… երկինքը շատ թեւեր կան, հո՛ն խնդրէ եւ կը ստանաս։

Հրեշտակը կ՚ուզէր պատասխանել, սակայն ամուսինը ապտակեց խեղճ էակը, դուրս հրեց զայն եւ դուռը ուժով եւ շրխկոցով գոցեց հրեշտակին երեսին։

Միամիտ էակը կեցած էր նոյն տեղը՝ անկարող ըլլալով շարժելու։ Ցաւը, հիասթափութիւնը, դառնութեան զգացումը յորձանք կու տային իր մէջ։ Արցունքները մէկ առ մէկ գոյացան եւ այտերուն վրայէն գլորուեցան, վար ինկան։ Հրեշտակը ուզեց քայլ մը ընել, բայց սայթաքեցաւ, տապալեցաւ եւ ուժասպառ փռուեցաւ պաղ գետնին վրայ։ Ինք ի վիճակի չէր ոտքի ելլելու։

«Ինչո՞վ վաստակած եմ ես նման խուժադուժ վերաբերմունք, - ինքզինքին կը հարցնէր հրեշտակը։ - Ի՞նչ ըրած եմ, որ զիս ատանկ անարգեն։ Դուք իմ ամենամտերիմ ընկերներս էիք, ես ձեզ եղբօր եւ քրոջ պէս կը սիրէի...»

Արցունքները կը խեղդէին հրեշտակը։ Ինք կը զայրանար նախ զոյգին, յետո՝ ինքիր վրայ։ Ատանկ յիմար մէկը կ՚ըլլա՞յ։ Ինչպէ՞ս կարելի էր անսահման վստահիլ մէկու մը: Ինչպէ՞ս կարելի էր մէկու մը անմնացորդ նուիրուիլ։

Անելանելիութենէն հրեշտակը կու լար, կը հեծկլտար, կը կաղկանձէր՝ բերնով կծելով կեղտոտ հողը….

❃ ❃ ❃

Կարէնի եփած սատէ քաֆէին համեղ բոյրը սթափեցուց զիս: Ես բացի աչքերս: Առջեւս տաք հեղուկով ձեւաւոր գաւաթ մըն էր, որմէ կասիայի բուրմունքով ճերմակ գոլորշի կը բարձրանար: Կարէն կողքիս նստած էր ու կ’աշխատէր նոր տիկնիկի մը վրայ: Տեսնելով կամ ալ զգալով, որ ես արթնցայ՝ ինք ինծի նայեցաւ եւ անբարբառ նայուածքով հարցուց.

- Լա՞ւ ես:

- Այո՛, - նմանապէս անխօս պատասխանեցի ես:

Բայց ես լաւ չէ՜ի: Հոգւոյս մէջ տհաճ զգացում մը կար, որ կը ճզմէր սիրտս։ Բերնիս մէջ աւազի եւ հողի համ էր, որմէ տարօրինակ պատճառով մը ես չէի կրնար ձերբազատիլ՝ նոյնիսկ ամբողջ գաւաթ մը սուրճէն ետք։

Արուեստանոցէն ներս հանդարտ էր, լուռ։ Տիկնիկները նստած էին իրենց տեղերը։ Ժամացոյցը կը շարունակէր տկտկալ։ Եթէ Երեւան ապրէի, հոս անպայման ամէն օր կու գայի, որպէսզի ամբողջ աշխարհէն թաքչիմ եւ միս-մինակ մնամ ստեղծագործական լռութեան մէջ։ Նման տեղ Մոսկով չկար։

- Կարէ՛ն ջան, ես պէտք է երթամ: Կ’ուշանա՛մ, - ըսի ես՝ հասկնալով, որ արդէն քանի մը ժամ Կարէնի արուեստանոցն էի: - Շնորհակալ եմ ասպնջական վերաբերմունքիդ համար:

- Ուրախ եմ, եղբա՛յրս: Եթէ ժամանակ ունենաս, նորէ՛ն եկուր հոս: Կը նստինք, կը խօսինք, կամ ալ... կը լռենք, - խորամանկութեամբ աւելցուց ինք։ - Քեզ միշտ ուրախ եմ տեսնել, հարազա՛տս:

Փողոցն արդէն մութ էր: Ի տարբերութիւն հիւսիսային Մոսկովին, ամրան հոս գիշերը կը սկսի ժամը իննի կողմերը: Մթննալուն պէս քաղաքը կը կերպարանափոխուի, կը գեղեցկանայ:

Հաշտ ու խաղաղ էր: Մեղմ ու ջերմ սիւքը կը շոյէր երեսս ու բաց ձեռքերս: Ես կամացուկ մը կը քալէի ու խորը կը շնչէի գլխապտոյտ յառաջացնող մաքուր գիշերային օդը՝ ետեւէս լսելով նոր կօշիկներուս շրխկոցին արձագանգը: Ականակիր խաւար էր, բայց պարզ կը զգայի, որ ապահով էր. վախնալու բան չկար: Ասիկա չես տեսներ Մոսկովի պէս մեծ քաղաքներու մէջ: Ամէնուրեք ասանկ պէտք է ըլլայ, բայց աս երեւոյթը հազուադէպ է:

Փողոցային թոյլ լապտերները կայծոռիկներու պէս թեթեւ կը լուսաւորէին անձուկ նրբանցքները, մենաւոր գաւիթները, հին գռիհի կառոյցներուն կղմինտրէ տանիքներն ու պատերը:
Փողոցային թոյլ լապտերները կայծոռիկներու պէս թեթեւ կը լուսաւորէին անձուկ նրբանցքները, մենաւոր գաւիթները, հին գռիհի կառոյցներուն կղմինտրէ տանիքներն ու պատերը:

Փողոցային թոյլ լապտերները կայծոռիկներու պէս թեթեւ կը լուսաւորէին անձուկ նրբանցքները, մենաւոր գաւիթները, հին գռիհի կառոյցներուն կղմինտրէ տանիքներն ու պատերը: Ես միս-մինակ կը խարխափէի գիշերուան մթութեան մէջ եւ ամէն պահու կը լիցքաւորուէի Երեւանի հանդարտ մթնոլորտէն: Հոգիս կ’երգէր ու կը ցնծար: Բաւարարուած տրամադրութեան տակ ես կը վայելէի քունի մտած այգիները, բանէ մը չվախցող եւ քովէս երբեմն քալող երիտասարդ ընտանիքներու ուրուագիծերը: Մէկ-մէկ կ’անցնէի մուխով պատուած բազմաթիւ գիշերային ակումբներու քովէն, ուր երիտասարդները կը խռնուէին, կլկլակ կը ծխէին, ակնապիշ կը դիտէին մարզախաղեր եւ բարձրաձայն կը զրուցէին, գրաւի կու գային ու կը վիճէին իրարու հետ: Շատ կ’ուզէի միանալ այդ երիտասարդութեան, բայց կաղնիկաղ խռֆած ծերունիի մը պէս կը քաշուէի ու կը շարունակէի ճամբաս:

Կէսգիշերուան մէջ փողոցին միւս ծայրը տեսայ սիրոյս գեղեցիկ ուրուագիծը: Շատոնց լռելեայն կը սպասէր, մէկէն ճանչցաւ զիս: Ես վազեցի իր ուղղութեամբ՝ դէպի սէրս կարկառելով ձեռքերս, ինք ալ բազկատարած նոյն տեղը կը կայնէր: Իմ օճախիս տիրուհին. ներուժիս անհատնող աղբիւրը. այն միակը, ով կրցաւ բանալ յամառ ու անսաստ սիրտս: Ես մօտեցայ կնոջս եւ նրբօրէն, բայց ամուր գրկեցի զինք՝ զգալով իր անոյշ շունչը, սրտին արագ բաբախիւնը, իր սիրած օծանելիքին համեղ բոյրը: Համբուրուեցանք երկար ու խանդակաթ եւ իրարու ձեռքը բռնած սկսանք միասին զբօսնելու: Լուսինը դուրս եկաւ ամպերէն եւ լուսաւորեց մեր ճամբան:

- Գնում ընե՞նք, - խորամանկութեամբ առաջարկեց կինս՝ անցնելով շրջօրեայ մթերային խանութի մը քովէն։ - Տունը բան չկայ:

Մենք մտանք խանութ եւ բաժինէ բաժին անցնելով մանրազնին կ’ընտրէինք բանջարեղէն, ընդեղէն, սառնանոյշ, տան համար տնտեսական իրեր եւ, հարկաւ, տո՜ւրմ: Զամբիւղնիս հետզհետէ կը լեցուէր հարիւրաւոր մանր-մունր առարկաներով, կինս կ’ուրախանար եւ մէկ-մէկ կատակով կը պարէր ցուցափեղկերուն միջեւ, ես ալ կախարդուածի պէս չէի կրնար կնոջմէս սիրատոչոր աչքս կտրել։

- Այս ամէնը մեր ապագայ տունին համար է։ Երբ միասին սկսինք ապրելու, արդէն ամէն ինչ կ’ունենանք, - շռայլ ժպիտով արդարացաւ կինս։

Ո՜հ, աս գեղեցիկ ժպիտը։ Մեր առաջին հանդիպումին առաջին պահն էր։ Հանդիպեցանք ճաշարանի մը սեմին: Ինք զիս տեսաւ, ժպտեցաւ եւ իր ժպիտով մէկէն զինաթափեց զիս։ Մինչեւ ականջներս սիրահարեցայ աս ժպիտը կրող գեղեցկուհիին եւ նոյն պահուն հլու-հնազանդ յանձնուեցայ սիրոյ զգացումիս։ Բոլորէն կը տարբերէր սիրելի էակս՝ ինքնավստահ կեցուածքով, գրագէտ խօսելաձեւով, սահուն եւ ներդաշնակ շարժումներով, իմաստուն մտածելակերպով, գեղեցիկ ներքին աշխարհով, ձայնին անոյշ երանգով։ Կատարեալ էր իր էութեան բոլոր կողմերէն։

Այն ատեն ես ընկճախտի մէջ էի՝ ամբողջ աշխարհէն հիասթափած: Անդունդի եզրին էի ու արդէն վար պիտի իյնայի: Ինք իմաստով լեցուց իմ դատարկ, աննպատակ կեանքս. իր ներկայութեամբ հոգւոյս խոր եւ կոտտող վէրքերս բուժեց: Երբ հեռու էինք իրարմէ, գիշեր-ցերեկ կը պապակէի, կը կարօտնայի զինք։ Երբ միասին էինք, իր ամէն մէկ բառին, ձեռքի կամ գլխու ամէն մէկ շարժումին կը հետեւէի՝ աշխատելով մտքիս մէջ մէկընդմիշտ պահել սիրոյս լուսաւոր կերպարը։ Միայն թէ իր քովը ըլլամ, միայն թէ քանի մը պահ շփուիմ իրեն հետ: Չէի համարձակեր յուսալ, որ օր մը այս դիցուհին ինծի սիրահարի։ Քաջ կը գիտակցէի անոր, որ առիթ չունիմ… Ինչպէ՞ս եղաւ, որ ամբողջ աշխարհին գեղեցկադէմ տղաքը մերժած էր եւ զիս ընտրած՝ չեմ հասկնար։ Հրաշքներ ալ կ՚ըլլան աս մոլորակին վրայ։

Կռնակս բեռցուցինք նոր ապրանքով, ելանք խանութէն եւ մինչեւ տուն հասանք կուշտ կը խօսէինք թէ՛ մեր ընտանիքներուն եւ ընկերներուն, թէ՛ կնոջս անկարգ ու շնորհազուրկ աշակերտներուն, թէ՛ ալ քաղաքական նորութեանց մասին։ Լուսնակ գիշեր էր, սիրահարներո՜ւ գիշեր։ Երկու սիրտ իրարու վերամիացան եւ չէին կրնար իրարու հետ ըլլալու ծարաւը կոտրել։

Մենք բարձրացանք եօթներորդ յարկ, բացինք տունին դուռը, ներս մտանք եւ իրերը ձգելով դրան քովը, ողջագուրուեցանք։ Ո՜հ, որքան կը սպասէինք աս պահը, երբ վերջապէս մինակ մնանք՝ փախած ամբողջ աշխարհէն։ Ես կը նայէի իմ գեղեցկուհիիս եւ աւելի ուժգին կը սեղմէի զինք գրկիս մէջ՝ ենթագիտակցաբար վախնալով բաց թողուլ եւ կորսնցնել զինք։

- Արմէ՛ն ջան, ի՞նչ եղած է։ Ինչո՞ւ հայեացքդ տխուր է, մտահոգուած, - յանկարծ հարցուց կինս՝ ուղիղ նայելով աչքերուս մէջ:

Բան մը չեմ կրնար թաքցնել կնոջմէս։ Զիրար միշտ կը զգանք: Ամէ՜ն վայրկեան, անգամ եթէ տարբեր երկրներ կամ ցամաքներ ըլլանք։ Ես քնացած չեմ՝ ինք ալ արթուն է։ Ես անհանգիստ եմ, ինք ալ հիւանդ կը զգայ։ Աներեւոյթ թելերով կապուած են մեր սրտերը. մէկ կեանք կ՚ապրինք, մէկ ճակատագիր։ Յաճախ հեռաձայնով խօսելու ատեն ամենայն լրջութեամբ ինք կը հրամայէ. «Արմէ՛ն, հաճի՛ս, փորձէ՛ քնանալ, որպէսզի ես ալ կարենամ քիչ մը հանգստանալ»։

Այս անգամ ալ կինս զգաց, որ միտքս բան մը կայ։

- Չեմ գիտեր, սիրելի՛ս, - ըսի ես։ - Ամբողջ օրը կերպար մը կը հետապնդէ զիս:

- Ի՞նչ կերպար։

- Անթեւ հրեշտակ մը… - անվստահ պատասխանեցի ես։ - Կը խորհիմ՝ անցեալիս մղձաւանջին արձագա՜նգն է: Կը փորձեմ, բայց չեմ կրնար ձերբազատիլ այդ տեսիլէն: Անիկա անդուլ կը ճզմէ սիրտս։

- Բաւակա՜ն է տանջես ինքզինքդ: Այդ մղձաւանջը անցեալիդ մէջ է եւ երբե՜ք պիտի չկրկնուի, - զիս մխիթարելով՝ ըսաւ կինս։ - Այն ատեն մենք տակաւին ծանօթ չէինք. դուն միս-մինակ էիր, վերին աստիճանի միամիտ ու միանգամայն անփորձ. թոյլ տուիր անառակ, ագահ մարդոց քեզ շահագործել։

- Ատկէ զատ, - աւելցուց գեղեցկուհիս, - դուն լաւ գիտես՝ եթէ այդ ցաւէն ու ողբերգութենէն չանցնէիր, ամենայն հաւանականութեամբ մենք չէինք հանդիպեր: Պատճառ չունի՛ս տխրելու եւ անցեալը վերապրելու:

Վայրկեան մը ետք, տեսնելով տակաւին մտահոգուած նայուացքս, կինս խոժոռեց դէմքը եւ կտրականօրէն զգուշացուց զիս.

- Արմէ՛ն ջան, յիշէ՛ իմ խօսքերս՝ օր մը բաժնուինք նէ, պատճառը քու երեւակայութի՜ւնդ պիտի ըլլայ։ Հասկցա՞ր:

Բարկացաւ վրաս, բայց անգամ զայրացած ատեն ինք ամենագեղեցիկ եւ ամենացանկալի էակն էր ինծի համար։ Ես դարձեալ զինք գիրկս առի եւ շուրթերովս դպայ իր շուրթերուն։ Մե՜ղմօրէն։ Թեթե՛ւ։ Այս համբոյրին հետեւեցաւ երկրորդը, երրորդը, չորրորդը։ Կուրծքիս մէջ կրքի հուր բորբոքեցաւ։ Զիրար սիրատարփ կը շփէինք՝ արծարծելով մեր մէջ գոյացած կիրքը։

Շիտակ կ՚ըսեն իմաստուները՝ ֆիզիկական երանութիւնը չի կրնար համեմատուիլ այն հաճոյքին հետ, զոր կ՚առնես քու սիրած անձիդ գիրկն ըլլալով։ Ձեզմէ յորդող զգացումները կ՚արտացոլուին իրարու մէջ եւ դուք կը միաձուլուիք ոչ միայն ֆիզիկական, այլ նաեւ հոգեկան մակարդակին վրայ։ Յետոյ, երբ տարփանքը դադրի հուրհրալէ եւ միանգամայն մարի, քովդ քու սիրած անձդ կը մնայ, որու հանդէպ անսահման խանդաղատանք եւ սէր կը տածես, որու ձայնը կ՚ուզես վայելել եւ որու քունը կ՚ուզես պաշտպանել։

Ատանկ ալ երկնցանք մենք երկուքով անկողինին մէջ։ Գրկախառնուած եւ ուժասպառ։ Սիրահարա՜ծ, երջանի՜կ եւ մինչեւ մեր հոգւոյն խորքը հարազա՜տ։ Կինս աչքերը փակած էր։ Ես ալ, գլուխս իր նուրբ ուսին վրայ դրած, դէմքս կը թաքցնէի իր բուրաւէտ վարսին մէջ։ Որքա՜ն հաճելի էր այն պահը, որքա՜ն խենթացուցիչ։ Որքա՜ն կ՚ուզէի երկարացնել զայն եւ մէկընդմիշտ մնալ սիրոյս հետ։

❃ ❃ ❃

Բազմաթիւ անգամներ հրեշտակը կը փորձէր համոզել զոյգը վերադարձնել իր թեւերը, սակայն ամուսինն ու կինը զինք կը մերժէին, բոլոր խնդրանքներուն եւ աղաչանքներուն կը դժկամակէին։ Երթալով անհանդուրժողութիւնը եւ զայրույթը կը մեծնային, կոպտութիւնը կը վերածուէր սպառնալիքներու։

- Կը զղջա՛ս, որ մեզ հանգիստ չես ձգեր, - պոռաց պատանին։ - Տակաւին որոշած չեմ, ինչ պիտի ընեմ հետդ, բայց բան մը կը մտածեմ։

Ապշած, շշմած, գերյոգնած, սրտաբեկուած եւ յուսահատած, մահու եւ կենաց մէջ գտնուող հրեշտակը յանդուգն քայլի մը դիմեց։ Միակ քայլին, որ կրնար սթափեցնել զոյգը։ Հրեշտակը հրապարակաւ բանադրանքի ենթարկեց զիրենք, ամբողջ շրջապատին եւ հարազատներուն պատմեց զոյգին ոճրագործութեան ու դաժանութեան մասին։ Մերձաւորներուն մեծ դժուարութեամբ վաստակած յարգանը մէկ պահուան մէջ փոխարկուեցաւ զարմանքի, պարսաւանքի եւ արհամարհանքի։ Հարազատները կը յանդիմանէին, կը կշտամբէին զոյգը՝ հասկնալով իր խաբէութիւնն ու երկնային էակին նկատմամբ ստոր վերաբերմունքը։ Ի տարբերութիւն կնոջ եւ ամուսինին, իրենց հարազատները «կեաւուր» չէին, Աստուծմէ կը վախնային, հրեշտակ նեղացնելը սրբապղծութիւն կը համարէին։ Շատերը նաեւ կը նախանձէին զոյգին անսպասելի յաջողութեանց համար եւ առաջին իսկ հնարաւորութեան կը խորտակէին իրենց նախանձին առարկան։

- Դուք պէտք է վերադարձնէք թեւերը, - անընդմէջ կը պահանջէին հարազատներն ու մերձաւորները։

- Ո՛չ, պիտի չվերադարձնենք։ Թեւերը մերիննե՛րն են։ Հրեշտակը մեզի նուիրած է զանոնք, - ստորաբար կը ստէին ամուսինն ու կինը՝ խեղդուողի մը պէս փրփուրին ձեռք նետելով։

Յամառութիւն, նեղուածութիւն, յիմարութիւն, չարութիւն կը տիրէին զոյգի հոգիներուն մէջ։ Երկուքը կախուած էին կեանքի լաւ պայմաններէն, վարժուած էին ապրիլ ազատ, անսահման հնարաւորութիւններով։ Չէին ուզեր ձգել զայն, առանց որու տխուր անցեալը պիտի վերադառնար։ Հոգւոյ եւ սրտի թռիչքին արդէն կը կարօտէին՝ թեւերը տակաւին ետ չյանձնած եւ սոսկ մտածելով նեղ պայմաններով սովորական կեանքի մասին։

Շրջապատը հզօր էր։ Անիկա չէր զիջեր՝ կը հայհոյէր ու կը յանդիմանէր։ Պահ մը եկաւ, երբ ճնշումը այնչափ բարձր էր, որ ամուսինը սկսաւ խելագարելու։ Չուզելով նահանջել եւ ընդունիլ իր սխալը՝ գիշեր մը վերին աստիճանի խռոված, կարծես ուղեղատապի մէջ, երիտասարդը, ամեհի գազանի վայրագ մռնչիւնով, պատռտեց թեւերը եւ, ամբողջ մարմինով դողդոջելով, ճերմակ կտորները նետեց բուխերիկը։ Մէկ ակնթարթ անց երկնային թեւերուն կտորները կրակի բռնկեցան եւ արագօրէն այրելով կամացուկ մը սուզուեցան բոցավառ հրոյն մէջ։

Արեւը տակաւին չբարձրացած՝ ամբողջ տունը լուսաւորուեցաւ։ Կրակին լեզուները կը սնէին երկնային փետուրներով, դաժանօրէն եւ սպառնալով կը թշշային եւ անդուլ կը փորձէին ելլել բուխերիկէն։ Պահ մը անոնցմէ մէկը հասաւ ոչ հեռու փռուած խսիրին, խսիրէն թռաւ վարագոյր, վարագոյրէն՝ հին, չորցած փայտէ կահոյքին վրայ։ Կարճ ժամանակի մէջ ամբողջ տունը կը վառէր, իսկ ամուսինը կը կենար սենեակին մէջտեղը՝ խենթ հայեացքով, գիշերուան կէսին խճուղի դուրս թռած եւ ինքնաշարժի լապտերներուն լոյսէն սարսափած եղնիկի մը պէս։

Առտուն հրդեհը մարեցաւ, մուխը փարատեցաւ։ Ամբողջ տունը աւերուած էր, զոյգին ամբողջ ունեցածը կորսուած էր։

Նոյն օրը երկուքը եկան հրեշտակին քով եւ էակի ոտքերուն տակ արհամարհանքով գցեցին զայն, ինչ առաջ թեւերը, իսկ հիմա փետուրներուն եւ կաշուին վառած շեղջ մըն էր։ Ամբողջ աշխարհը փլաւ հրեշտակին վրայ։ Արտասուաթաց դէմքով, կաղկանձելով՝ ինք ինկաւ գետին՝ գիրկը սեղմելով թեւերուն մնացորդը։

- Կ՚ուզէի՞ր։ Կը պահանջէի՞ր, - վրդոված խածաւ կինը։ - Ա՛ռ։ Վերցո՛ւր։ Դուն կեղծ անձնաւորութիւն ես։ Ամէն ինչ ծրագրած էիր։ Ես կը զղջամ, որ քեզի հանդիպած ենք եւ թողած մեր կեանքը։

- Ինք վախկոտ կնամարդ է… - վրայ բերաւ ամուսինը։ - Ուրիշներու միջոցով լուծեց իր խնդիրները։ Մեր կեանքը խափանեց, մեզ վարկաբեկեց:

- Մեղայի՛ եկէք, քանի դեռ ուշ չէ… - կերպ մը շշնջաց հրեշտակը՝ կլլելով զոյգին անագորոյն վերաբերմունքը։

- Գնա՛, կորսուի՛ր, - պոռաց տղան, հրեշտակին վրայ ոտքով կոխեց, թքաւ, շրջեցաւ եւ իր կնոջ հետ հեռացաւ։

Հրեշտակը տակաւին գետինն էր, կը շարունակէր գիրկը սեղմել այրած թեւերուն կտորները։ Երբեմնի ճերմակ եւ մոգական, այժմ անոնք պատռտուած փետուրներու եւ ծխուկներու կոյտ էին: Հրեշտակը ետ առաւ իր թեւերը, բայց անոնցմով թռչիլ այլեւս հնարաւոր չէր, անկարելի էր օդ բարձրանալ եւ դպչիլ երկնքին։ Իր մոլորակ, իր տուն ինք ա՛լ պիտի չկարենար վերադառնալ։

Խեղճ էակը ձեռքը կը պահէր մոխրացած թեւերը, կը նայէր անոնց եւ չէր կրնար համակերպիլ իրականութեան հետ։ Յոյսը հատաւ։ Վհատութեան գագաթնակէտին հասած էր եւ անսահման դատարկութիւն կը զգար մէջը։ Ո՞ւր էին իր քոյրերն ու եղբայրները, ո՞ւր էր իր տունը։ Ո՞ւր էին իր երջանիկ օրերը։

Ժամանակը կանգ առաւ. կեանքին թելը փրթաւ։ Հրեշտակը կը հասկնար, որ երկար պիտի չապրի, ու չէր գիտեր, թէ որու վրայ բարկանար։ Ինք եւ միայն ինք էր մեղաւոր։ Բայց մի՞թէ ատիկա կարեւոր էր հիմա….

❃ ❃ ❃

Արեւը տակաւին ծագած չէր, երբ արթնցայ։ Քովս դեռ քնացած էր իմ կեանքս, իմ սէրս։ Իր նուրբ խոցելի մարմինը ծածակուած էր կերպասէ վերմակով. սովորաբար այլայլած եւ յուզահամակ դէմքը ամբողջովին խաղաղ էր. շունչը՝ հանգիստ եւ համաչափ։

Երկար կը նայէի սիրելի էակիս, յետոյ՝ ոտքի կեցայ: Քանի մը ժամէն ես պիտի վերադառնայի Ռուսիա. մէկ օրուան արձակուրդս հասաւ իր լրումին։ Ոտքիս մատերուն վրայ գաղտագողի դուրս եկայ սենեակէն եւ դուռը գոցեցի։

«Գիտեմ՝ դուն չես սիրեր հրաժեշտ տալ, սիրելի՛ս. քեզ չեմ արթնցներ, - սէրով շշնջացի ես։ - Շուտով նորէն քովդ պիտի գամ, խօ՛սք կու տամ։ Մենք միասին պիտի ըլլանք, կեանքը միասին պիտի անցընենք մեր տունին մէջ: Այն, ինչ կը ծրագրես, անպայման պիտի իրականանայ: Հնարաւորի՛նս պիտի ընեմ, որ դուն երջանիկ ըլլաս. չե՛մ կրնար ձախողիլ աս գործիս մէջ»։

Փսիաթին վրայ դրուած պզտիկ ճամպրուկիս մէջ արագ հաւաքեցի իրերս, հագուեցայ, սեմին քանի մը պահ կեցայ ու ելայ բնակարանէն։ Շուտով ես արդէն նստած էի օդանաւի մէջ, կը վերադառնայի անվերջանալի անքնութենէն տառապող Մոսկով։ Գօտիները ցաւցնելու չափ կը սեղմէին ոտքերս, ականջներս խլացած էին շարժիչներուն ոռնոցէն: Օդանաւին թափքը կը ճռնչար եւ կը թրթռար։ Ես պատուհանին յենեցայ եւ դուրս նայեցայ: Հեռու-հեռուն վառ լուսոյ բազմաթիւ կէտերով մրջնանոց մը նորէն երեւցաւ եւ երթալով անիկա կը մօտենար եւ կը մեծնար։ Կեանքը կ՚եռար Մոսկովի երակներուն՝ պողոտաներուն եւ հրապարակներուն մէջ։ Ինքնաշարժերով լի հազարաւոր խճուղիներ ցանցի մը պէս պատած էին ամբողջ քաղաքը, որ ուժեղ մագնիսի մը նման կը հրապուրէր, կը հետաքրքրէր եւ կը գրաւէր բազմաթիւ օտարականներու սրտերը եւ գիշերային թիթեռնիկներու պէս իր կրանին մէջ կը ներքաշէր զանոնք:

Սիրո՜յս թեւերով
Սիրո՜յս թեւերով

Ռուսիոյ ոստանը կը շարունակէր անյագուրդ արնախում չղջիկի պէս սնանիլ իր բնակիչներուն եռանդով, աճապարեցնել եւ աշխատեցնել զիրենք՝ զրկելով դրական տրամադրութենէն, ոյժէն, երազներէն, իղձերէն, յոյսերէն։ Անսահման գորշութիւն, անվերջանալի միապաղաղութիւն ու ճակատագիրները խափանող, կամքը կոտրող եւ կեանքը կործանող մթնոլորտ կը տիրէր հոն:

Ինչ-որ գերբնական ոյժ մը բռնեց օդանաւը եւ զօռով վար քաշեց՝ ցմահ բանտարկելով մեզ՝ վերադարձող փախստականներս: Ես փշաքաղեցայ, քրտինքս յառաջացաւ ճակտիս վրայ, շունչս կտրեցաւ: Նորէն ամպամած, պաղ եւ անձրեւով ողողուած թակարդին մէջ էի ես, որմէ փախչելու միակ հնարաւորութիւն կար այլեւս՝ սիրո՜յս թեւերով: Տունս էի դարձեալ եւ տունս Մոսկով կը կոչուէր։

20.06.2019 - 28.08.2019