Найти тему

Երուանտ Ազատեան- ԶՐՈՅՑ ԵՐԵԻԱՆԻ ՕՓԵՐԱՅԻ ՊԱԼԷՏՄԵՅՍՏԸՐ ԶԱՐԵՀ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երկու շաբաթ առաջ, մեր բարեկամ Արամ Տէր Յակոբեան անծանոթ դէմք մը ներկայացնելով ըսաւ․-

- Ձեզի կը ներկայացնեմ նշանաւոր խարբերդցի մը, որ հայրենիքէն կուգայ։

Ջղուտ, նիհար, մեղմ այլ վճռական արտահայտութեամբ անձնաւորութիւն մը, որ Սփյիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ Պր․ Վարդգէս Համազասպեանի մէկ յանձնարարականը երկարելով ըսաւ․-

- Երեք ամսով կուգայի Պոստոն, քրոջս՝ Վիքթորիա Արսէնեանի մօտ։ Ընկեր Համազասպեանը թելադրեց որ այստեղ գտնուած միջոցիս, իմ կարողութիւններս տրամադրեմ ձեզի, երբ որ ուզում էք, ինչպէս որ ուզում էք, որպէսզի օգտակար լինեմ Թէքէան պարախումբին։

Այդ անձը ուրիշ մէկը չէր եթէ ոչ Երեւանի օփերայի պալէտմէյստըր եւ թատերական ինստիտուտի ամբիոնի վարիչ Զարեհ Մուրատեանը, մասնագէտ մը՝ որքան դասական պալէի, նոյնքան նաեւ հայկական ժողովրդական պարերու մէջ։

Զարեհ Մուրատեան Մեծ Եղեռնի շրջանին Խարբերդէն աքսորուած է դէպի Հալէպ, իր մեծ ընտանիքին հետ։ Արհաւիրքի այդ օրերուն իր հայրը գլխատուած է թուրքերու կողմէ, իսկ ընտանիքին միւս անդամները հրաշքով մը փրկուած են ջարդէն եւ ապաստանած՝ Հալէպ։ 1925-ին, ան ընտանեօք փոխադրուած է Երեւան, ուր 1927-ին ընդունուած է նորաբաց Պարի Սթուտիան։ Պարարուեստի մէջ իր ցուցաբերած բացառիկ տաղանդին շնորհիւ արժանացած է այդ շրջանի Լուսժողկոմի՝ Ասքանազ Մոաւեանի ուշադրութեան, որ հայկական ժողովրդական պարարուեստը միջազգային չափանիշով կատարելութեան հասցնելու փափաքով թելադրած է Մուրատեանին երթալ եւ ուսանիլ Մոսկուայի Պոլշոյ թատրոնի պարարուեստի ուսումնարանը, ուր կ՝արժանանայ բացառիկ ուշադրութեան։ Երիտասարդ արուեստագէտը իր հետ կը տանի Կովյասեան տարազներ եւ կը ներկայացնէ կովկասեան ու հայկական կարգ մը գրաւիչ պարեր, բոլորին հիացումը հրավիրելով իր վրայ։

Կը պատահի որ Պարարուեստի Ինստիտուտի տնօրէնուհին հայ մը կ՝ըլլայ՝ Պահատուրեանց, որ հայ արուեստագէտը կը ներկայացնէ Պոլշոյի տնօրէնուհիին Մալինովսքայայի (քոյրը՝ նշանաւոր զինուորական եւ Խորհրդային Միութեան պաշտպանութեան նախարար մարաջախտ Ռոտիոն Մալինովսքիի)։

Մոսկուայի մէջ ան կ՝արժանանայ ամէն գուրգուրանքի եւ յաջողութեամբ կ՝աւարտէ Պարարուեստի Ինստիտուտը եւ կը մտնէ աշխարհահռչակ Պոլշոյ թատրոնի պալէին խումբին մէջ, ուր հինգ տարի ելոյթ կ՝ունենայ ներկայացուած բոլոր դասական պալէներուն մէջ։

1939ին կը վերադառնայ Հայաստան, որուն կողմէ Մոսկուա ղրկուող արուեստագէտներու խումբին մաս կը կազմէ։ Այս տարուան Նոյեմբերին, Մոսկուայի մէջ կը կայանայ հայկական արուեստի տասնօրեակը։ Հայաստան առաջին հանրապետութիւնը կ՝լլայ որ տասնօրեակներու շարքին մէջ կը ներկայացնէ ազգային պալէն («Երջանկութիւն»), արժանանալով ջերմ գնահատանքի։

- Յիշում եմ, այդ օրը, կ՝ըսէ Մուրատեան, Կառավարութեան բոլոր ղեկավարները դարձան եւ սկսան ծափահարել Անաստաս Միկոյեանը, գոչելով՝ «Անաստա՛ս, տես քո հայերը ինչպիսի արուեստ են ներկայացնում․․․»։

Մուրատեան ընտանիքը մէկէ աւելի պարողներ տուած է հայրենի երկրին․ շնորհալի պարուհի մը եղած է նաեւ իր կինը, իսկ վերջերս Երեւանի Պարարուեստի Ինսիտուտը աւարտելով պետական պարի խումբին մէջ մտած է իր դուստրը։

- Ի՞նչ պալէներ բեմադրած էք դուք։

- Բազմաթիւ պալէտներ․ դժվուար է բոլորը յիշել, բայց գլխաւորներն են՝ «Խանդութ», «Մարմար» (Էդգար Յովհաննիսեանի), «Սոնա» (Խաչագործեանի), «Տոն Քիշոտ» (Մենքուսիի), «Ֆաուստ» (Գունոյի), «Կարապի լիճ» (Չայքովսքիի) եւ պալէներ բեմադրած եմ բազմաթիվ օփերաներու եւ թատերախաղերու մէջ, ինչպէս Դաւիթ Բէկ, Արշակ Բ․ եւ միջազգային այլ թատերախաղեր։

- Բեմադրութիւնը ի՞նչ գործեր կ՝ընդգրկէ։

- Պատրաստել պարերուն քորէոկրաֆին (յօրինումը) եւ սովրեցնել այդ պարերը խումբին անդամներուն եւ ներդաշնակել գործը երաժշտութեան, տեքորի եւ հագուստներւ հետ։

- Երգի եւ պարի Անսամպլը մեծ դեր կատարեց իր արտասահմանեան շրջապտոյտներով, այդ խումբին ելոյթներուն շնորհիւ է որ հայկական ապարարուեստի զարթօնք մը սկսաւ ամբողջ արտասահմանի մէջ։ Ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէ խումբը։

- Թաթուլ Ալթունեան մեծ նեւաճումներ արձանագրեց այդ մարդին մէջ, բայց հաւանաբար իմացաք թէ ան ձգեց խումբը․ գինը փոխարինեց երգահան Էտկար Յովհաննիսեանը։ Այժմ բեմադրութեանց բնոյթը փոխուած է․ այդ խումբը պահելով հանդերձ իր ծրագրին մէջ անցեալի իր լաւագոյն պարերը, կը ներկայացնէ ամբողջական նիւթեր․ օրինակ, նիոթերէն մէկն է Սասունցի Դաւիթի հարսանիքը, Սասնոյ պարերով, նիստ ու կացով, աղաւնիներով, աղաւնիի փետուրներ թափելով եւ այլ տեսարաններով։ Դաւիթ եւ Խանդութ կուգան Սասուն ամուսնանալու․ ժողովուրդը զիրենք կը դիմավորէ աւանդական պարերով։

Ուրիշ նիւթ մըն է՝ «Վարդանանց խաղերը»․ այնտեղ կ՝երեւի Վարդանի Մայրը՝ մեծ տիկինը կը հիւսուի Վարդանի գովքը․ ապա կը ներկայացուի թրապար մը։ Վարդանի մօր ողբը, որուն հետ աղջիկները կը ներկայացնեն ողոյ պար մը։ Վերջաւորութեան ժողովուրդը երգով ու պարով կ՝երթայ Հայոց բերդի կառուցումը կատարելու։

Նաեւ կը ներկայացուին Նարեկացիի երգերը, հայ գողթան երգիչներու եղանակները եւ այլն։

- Երգի, պարի եւ նուագի ընկերակցութիւնը պատմական նիւթի մը շուրջ, կարելի՞ է նմանցնել ամերիկեան միւզիքլներուն։

- Մերինները ֆոլքլորիկ պարեր են՝ պատմական նիւթի մը շուրջ․ բայց եթէ անպայման ժանրի նմանութիւն մը կ՝ուղէք կրնաք նմացնել։

- Յատուկ պատրաստութիւն կա՞յ ժողովրդական գործիքներու նուագածութեան։

- Երաժշտական ուսումնարանի մէջ՝ կ՝ուսուցուին հայկական թառը, քեմանչան, քանոնը, տուտուկը, շւին եւ այլն։ Բայց ընդհանրապէս աւանդութիւնը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի։ Շատեր կը սորվին նուագել ժողովրդական գործիք մը, բայց անոնցմէ մէկը կամ երկուքը հարազատօրէն կ՝իրացնեն ազգային բնորոշ ոճը։ Օրինակ, Լեւոն Մատոյեան իր վարպետէն սորվեցաւ տուտուկը․ անկէ աւանդութիւնը անցաւ Ջիւան Գասպարեանի․ եւ այդպէս աւանդութիւնը կը շարունակուի։

- Ժողովրդական երգերու ձայնագրութիւնները կը հրատարակուի՞ն Երեւանի մէջ։

- Ընդհանրապէս հրատարակուած գործերը սիմֆոնիք կամ դասական այլ յօրինումներ ու ձայնագրութիւններ են․ օրինակ Թաթուլ Ալթունեանի գործերուն ամբողջութիւնը չէ հրատարակուած։ Ձեռագիր վիճակի մէջ խումբը կը սովրի եւ կ՝իւրացնէ։

- Դուք առիթը ունեցած ներկայ գտնուելու Թէքէան պարախումբի փորձերուն։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը խումբին մասին։

- Պէտք է ըսել թէ ձեր խումբին ղեկավարը՝ Օհան Արմուտեան բաւական լաւ գործ կատարած է։ Խումբը ատակ է շուտով նոր պարեր ալ իւրացնելու։ Միայն պէտք է աւելի մշակել մեկնաբանութեան ոճի հարցը։ Ոճը անշուշտ զգացողութեան հետ կապ ունի։ Պէտք է լսել հարազատ հողի ծնունդը եղող երաժշտութիւնը որպէսզի ներքնապէս զգաք թէ ինչ պէտք է արտայայտէք ձեր պարին մէջ։

- Ի՞նչը կը ծրագրէք սորվեցնել պարախումբին։

- Առ այժմ սկսած եմ սորվեցնել պարային սուիթ մը, որ միակողմանի պիտի չըլլայ․ այդ պարաշարքը պիտի սկսի սասունցիներու պարով․ երկրորդ մասը պիտի ըլլայ Արեւելեան Հայաստանի պարը՝ անոյշի երաժշտութեամբ․ յետոյ ուրիշ պար մը, որ Արեւմտահայաստանի Կէօւունդ պարասկիզբն է, դանդաղ կը սկսի եւ յետեյ կ՝արագանայ։ Անոր կը յաջորդէ աղջկանց բնորոշ հայկական պար մը յետոյ կատակ պար (երկու տղայ եւ մէկ աղջիկ), որուն կը յաջորդէ տղոց մուտքը եւ ֆինալը։ Այս պարաշարքը պիտի ներկաայցուի մէկ շունչով։

Ես արդէն ձեր երաժշտական պատասխանատուին՝ Յովհ․ Սամուէլեանի հետ պատրաստելու վրայ եմ այս պարաշարքին եղանակները։

Վստահ եմ որ հաճելի նորութիւն մը պիտի ըլլայ ամերիկահայ գաղութին համար։

Հետագային եթէ աւելի լայն հնարաւորութիւններ ունենանք՝ կրնանք ամբողջական գործեր ներկայացնել, ինչպէս «Դաւիթ եւ Խանդութը», «Անոյշը» կամ ուրիշ գործեր։

Պարարուեստի մեծ վարպետը ինքնավստահ ու համոզիչ կերպ մը ունի իր ծրագիրներուն շուրջ։ Աւելի կախարդական ձեւ մը ունի երբ կը սովորեցնէ պարերը․ յատկանշական ոստում մը․ ձեռքի շարժում մը՝ արդէն ամբողջ խումբը կը լարեն հայկական հարազատ պարի մը մեկնաբանութեան պատրաստութեամբ։

Պալետմէյստր Զարեհ Մուրատեանի եռամսեայ այցելութիւնը Պոստոն նոր շունչ ու գեղարուեստական նոր որակ պիտի աւելցնէ ամբողջ ամերիկահայ գաղութին մէջ ծայր տուած հայկական պարի զարթօնքին։

Երուանտ Ազատեան

՛՛Պայքար՛՛ թերթ հունիսի 26, 1971 թվական, Ամերիկա