Найти тему
Զարթոնք - Zartonk

«Գանդին, Ցեղասպանութեան անտեսումը եւ Սեւրի Դաշնագրի դրժումը». Անդրադարձ Երևանի քաղաքապետարանի որոշմանը:

Մահաթմա (Մոհանտաս Քարամչանտ) Գանդի համամարդկային արժէքներու, խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու մեծագոյն դաստիարակներէն է։ Ան պայքարեցաւ Բրիտանական հզօր կայսրութեան դէմ իր հայրենիքի՝ Հնդկաստանի ազատագրութեան համար։ Իր պայքարը եղաւ առանց զէնքի։ Ան քարոզեց ու ապաւինեցաւ քաղաքացիական անհնազանդութեան (սաթիեագրահա) ռազմավարութեան։ Ան յաղթեց բրիտանական գաղութատիրութեան դէմ եւ ապահովեց իր հայրենիքին անկախութիւնը։
Այսօր,
Մահաթմա Գանդի բոլոր իրաւազրկուածներուն համար խաղաղ անհնազանդութեան ուսուցիչն է :

Երեւանի քաղաքապետութիւնը որոշած է Մահաթմա Գանդիի արձանը կանգնեցնել մեր քաղաքամայրին մէջ։ Սակայն հակառակ Մահաթմա Գանդիի ներկայացուցած համամարդկային արժէքին, մեր հայրենիքին ու համայն հայութեան համար այս որոշումը սխալ է։ Սխալ է ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան։ Սխալ է բառին բովանդակ առումներով։ Քիչ մըն ալ աւելին՝ քաղաքականօրէն վիրաւորական է մեր ազգային պատմութեան եւ վնասաբեր մեր պահանջատիրական դատին։

-2

Անգլիոյ դէմ իր պայքարին մէջ, մեկնելով իր երկրի ներքին քաղաքական հաշիւներէն, Գանդի նիւթապէս ու բարոյապէս զօրաւիգ կանգնեցաւ Թուրքիոյ Խալիֆայական շարժումին, որ կը միտէր իսլամ խալիֆայական կրօնապետութեան հաստատումը Օսմանեան Թուրքիոյ ճամբով։ Ուստի, ան գոցեց իր աչքերը Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութեան դիմաց։ Խաղաղ ու ոչ-բռնի քաղաքական գործին մեծ դաստիարակը գիտակցաբար անտեսեց Օսմանեան Թուրքիոյ ցեղասպանական արարքը։ Մարդկային իրաւունքներու այս մեծ պաշտպանը շարունակեց զօրակցիլ՝ ամրապնդելու համար պետութիւն մը, որ քսաներորդ դարու մարդկային պատմութեան համամարդկային առաջին ցեղասպանական ոճիրը գործադրած էր իր սեփական մարդկային իրաւունքները փնտռող հալածուած ժողովուրդի մը դէմ։

Խալիֆայական շարժումին զուգահեռ, Գանդի իր նեցուկն ու գործակցութիւնը երկարեց Քեմալ Աթաթիւրքին ու անոր Թուրքիոյ անկախութեան պատերազմի ջանքերուն։ Ընդիմանալով Բրիտանական գաղութատիրութեան, ան նաեւ թիրախ դարձուց Սեւրի Դաշնագիրը։

Գանդիականութեան մասնագէտ, Գանդիի Միջազգային Գիտութեան եւ Հետազօտութեան Հիմնարկի փրոֆեսոր Եոկենտրա Եատաւ դիպուկ կերպով կ՚արձանագրէ, թէ «Սեւրի Դաշնագրի հրապարակումը ցնցում մըն էր Գանդիին համար։» Եատաւի համաձայն, Բրիտանական իշխանութեան դէմ Գանդիի անհնազանդութեան արշաւը ուղղակի կապ ունէր 1920-ի Սեւրի Դաշնագրին, որ կը նպատակադրէր անդամահատել Թուրքիոյ հողատարածքը։ Իր երկրի իսլամ հնդիկները սիրաշահելու համար, Գանդի կարեւոր կը նկատէր Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը։

Յստակ է, որ Գանդին դիտաւորեալ անտեսումի ենթարկեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի սատարէ Թուրքիոյ մէջ խալիֆայական կրօնապետութեան հաստատման։ Ապա, Աթաթիւրքի անկախութեան պատերազմին, Գանդի ծրագրաբար դրժեց Սեւրի Դաշնագիրը՝ ի խնդիր ամբողջական Թուրքիոյ մը առաջացման։

Գանդին մեծութիւն է, անտարակոյս։ Գանդին քաղաքական ու քաղաքացիական իրաւունքներու պայքարի մեծ ուսուցիչ է, վստահաբար։ Սակայն Գանդիին մեծութիւնը համամարդկային ըլլալով հանդերձ, այդ մեծութիւնը կը պարունակէ նաեւ բիծեր, ահաւոր բիծեր, որոնք ուղղակի կը հակադրուին մեր նահատակներու կտակին։

Հայրենի պետութիւնը չի կրնար արտօնել բիծերու, որոնք մեր պատմութեան ու ազգային շահերուն հակոտնեայ ընթացած են։ Երեւանի քաղաքապետութիւնը իրաւունքը չունի մեր մայրաքաղաքին մէջ բարձրացնելու արձանը անոր, որ անտարբեր մնացած է Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ եւ, աւելին, սատարած է այդ ոճրային արարքը գործադրող պետութեան գոյատեւման։ Իսկ մենք բոլորս, Սփիւռքով ու հայրենիքով, չենք կրնար լուռ մնալ ի տես Երեւանի մէջ կանգնող արձանի մը, որուն տէրը մաս կազմած է Միացեալ Հայաստանի իրականացումը խափանող ուժերուն։

Հայաստանի արտգործ նախարարութիւնը կը բացատրէ, թէ Գանդիի արձանին կանգնումը կը սատարէ Հայաստան-Հնդկաստան բարեկամութեան։ Երկիրները արձաններով բարեկամութիւն չեն ամրապնդեր։ Հայաստան եւ Հնդկաստան պատմութենէն եկող կապեր ունին, մշակութային թելեր գոյութիւն ունին, որոնք պիտի ամրապնդեն երկու երկիրներու բարեկամութիւնը տնտեսական, մշակութային ու քաղաքական մակարդակներու վրայ։

Երեւանի քաղաքապետութիւնը կը բացատրէ, թէ Գանդիի արձանի կանգնման ծախսերը Հնդկաստանի կառավարութիւնը պիտի հոգայ։ Այսպիսի մանկական բացատրութիւններ վայել չեն քաղաքամայրի քաղաքապետութեան։ Մեր հայրենիքին մէջ մենք արձանները կը կանգնենք մեր արժէքներու համաձայն եւ մեր դրամներով։ Եթէ հետեւինք քաղաքապետութեան տրամաբանութեան, ցանկացած այլ երկիր, թերեւս նոյնիսկ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, իրենց սիրելի ղեկավարներուն արձանները պիտի կարենան կանգնել Երեւանի մէջ, պայմանով որ ծախսերը իրենք հոգան։

Արձանները եւ յուշակոթողները սրբավայրեր են, ուր մեր ժողովուրդը կու գայ հաղորդուելու մեր ազգային արժէքներու, պատմութեան եւ մշակոյթին հետ։ Մենք պէտքը ունինք այս սրբավայրերուն, որպէսզի հայ նորահաս սերունդները դաստիարակուին այդ սրբավայրերու խորհուրդով ու պատգամով։

Այսօր մենք պէտք ունին Արամ Մանուկեանի յուշակոթողին՝ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին կեդրոնը։ Մենք պէտք ունինք ոչ թէ Գանդիի արձանին, այլ Արամ Մանուկեանի յուշակոթողին։ Ա՛յն Արամին, որ Երեւանը չդատարկեց եւ կռուեցաւ մինչեւ վերջին կաթիլ արիւնը, մինչեւ վերջին գնդակը, որպէսզի Երեւանը ապրի իբրեւ Երեւան եւ Հայաստանը վերածուի անկախ պետութեան։

Այսօր մենք պէտք ունինք Սեւրի Դաշնագիրը յաւերժացնող յուշակոթողի՝ դարձեալ Երեւանի Ազատութեան հրապարակի վրայ։ Այս տարի հարիւրամեակն է Սեւրի Դաշնագրին, նաեւ հարիւրամեակն է այդ դաշնագրին տրամադրութիւններու իրաւական ուժ տուող Ուիլսոնեան Իրաւարար Վճիռին։ Մենք պէտք ունինք ոչ թէ Գանդիի արձանին, այլ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի յուշակոթողին, որ պիտի աւետէ մեր հայրենիքի գոյատեւելիութիւնը երաշխաւորող Միացեալ Հայաստանի գալուստը։

Նյութի աղբյուր